Ուքրանիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ձեռնարկներ

Սփիւռք

Ուքրանիոյ մէջ նախատեսուած Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն ձեւը, «քորոնա» ժահր համավարակին պատճառով փոփոխութեան ենթարկուած է։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնէ Ուքրանիոյ Հայերու միութեան գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեան։

Ձեռնարկները տեղափոխուած են համացանցային տարածք եւ լրատուադաշտ:
«Շարք մը քաղաքներու փողոցներուն մէջ պիտի տեղադրուին տարբեր պաստառներ եւ այլ տեղեկատուական նիւթեր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Տեղի պիտի ունենայ պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Ուքրանիոյ Հայերու Միութեան պատմա-մշակութային կոմիտէի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեանի առցանց դասախօսութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեսաերիզներու նսխագիծի ստեղծման պիտի միանան հայ համայնքի շարք մը ականաւոր գործիչներ:
Յուշարձաններուն մօտ ծաղիկներ զետեղելու աւանդական արարողութիւնը պիտի կատարուի կանխազգուշացման բոլոր կանոններուն պահպանումով»,- կը յայտնէ պարոն Յարութիւնեան: