ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Մերժելի Կը Գտնէ Գարեգին Բ.ի Եւ Եկեղեցւոյ Դէմ Սանձազերծուած Արշաւը

Հայաստան

15 Ապրիլին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ օրեր առաջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին յայտարարութեան, որ կը վերաբերի Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը՝ համաճարակի պայմաններէն մեկնած՝ փոխելու զուտ մարդկային, բարեսիրական, բարոյական եւ միանգամայն արդարացուած յորդորով:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ցաւօք, այդ մարդասիրական յորդորը տակաւին ո՛չ միայն պաշտօնական պատասխանի չարժանացաւ, այլեւ կազմակերպուած կերպով սանձազերծուեցաւ տգեղ եւ անբարոյական քարոզարշաւով հայոց հայրապետին եւ հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դէմ:

«Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դէմ հերթական այս արշաւը անթոյլատրելի է ու խիստ վտանգաւոր` ատիկա նենգ ու թշնամական հարուած է պետութեան ու ժողովուրդին: Իշխանութիւններէն կը պահանջենք յստակ դիրքորոշում յայտնել այս կապակցութեամբ եւ համապատասխան վերաբերմունք դրսեւորել նմանօրինակ կեցուածք ցուցաբերած քաղաքական, պետական, հանրային գործիչներու հանդէպ: Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներու դէմ ցանկացած ոտնձգութիւն մեր կողմէն պիտի արժանանայ համարժէք պատասխանի»,- ըսուած է Հայաստանի Գերագոյն մարմնի տարածած յայտարարութեան մէջ:

Միւս կողմէ, 14 Ապրիլին, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգը եւս նոյն նիւթով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ դիտել տալով, որ վեհափառ հայրապետին կեցուածքը համահունչ է Քրիստոսի եկեղեցւոյ մարդասիրական առաքելութեան եւ դաւանած արժէքներուն: «Հետեւաբար, հարկ է չքաղաքականացնել վեհափառ հայրապետի դիրքորոշումը եւ տրուել անպտուղ բանավէճերի: Ցաւօք, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի արտայայտած մտքերը ներկայացւում են հատուածաբար, իսկ Հայաստանի երկրորդ նախագահին անդրադարձը` ենթատեքստից կտրուած եւ այլափոխուած», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։ Կաթողիկոսը կը յորդորէ բոլորը՝ միասնութեան եւ համերաշխութեան ոգիով, ջանքերու մէկտեղումով լծուիլ համավարակի այս ծանր իրավիճակին մէջ հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման։