Յակոբ Արշակեան Հայաստանի Մէջ Թոքերու Արհեստական Օդափոխութեան Սարքերու Արտադրութեան Ներուժ Կը Տեսնէ

Հայաստան

Հայաստան որոշ աշխատանքներ կը տանի` թոքերու արհեստական օդափոխման սարքերու տեղական արտադրութիւն սկսելու ուղղութեամբ. պետութիւնը հիմա դեռ կ՛աշխատի նախագիծի վրայ` հասկնալու, թէ ինչպէս կրնան առաջ շարժիլ:

 Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ այսօր տեղի ունեցած ասուլիսի ժամանակ  յայտնած է ՀՀ բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան:

«Մենք հիմա կ՛աշխատինք նախագիծին վրայ, որպէսզի յստակ ձեւաւորենք, թէ  ինչպէս առաջ կ՛երթանք՝ սկիզբը նախագծել, յետոյ արտադրութիւն, եւ որոնք ատոնք պիտի ընեն: Մենք պիտի փորձենք մրցակցային մեքանիզմներ կիրառելով այդ մէկը ընել, բայց նաեւ պէտք է հաշուի առնենք, որ ժամանակի շատ շռայլութիւն պէտք չէ ունենանք: Եւ եթէ անհրաժեշտ ըլլայ արագ լուծումներ գտնել, պիտի գտնենք: Յառաջիկայ օրերուն ամբողջական պատկերը ունենալէ ետք պիտի ունենանք լուծումները: Անոնց արտադրութեան համար, կը կարծեմ, ներուժ կայ»,-ըսած է նախարարը:

Ան նկատել տուած է` այլ է բուժական փորձարկումներու եւ վաւերագրութեան հարցը, որ նախագծող ընկերութիւններու խնդիրն է:  Բժշկական սարքաւորումներու վաւերագրութեան եւ բուժական փորձարկումներու համար սովորաբար բաւական երկար ժամանակ եւ միջոցներ կը պահանջուին: «Բայց պէտք է հաշուի առնենք, որ աշխարհի մէջ հիմա պակասուրդ կայ, այդպիսի սարքերու պահանջարկը տասնեակ անգամ կը գերազանցէ առկայ արտադրական հզօրութիւնը։ Եւ ասիկա, կը կարծեմ, լաւ հնարաւորութիւն է»,-ըսած է ան:

Նախապէս նախարարը յայտնած էր, որ կը ցանկան տեղեկութիւններ ստանալ Հայաստանի մէջ մեքենագիտութեան այն կազմակերպութիւններէն, որոք կրնան իրենց փորձով կիսուիլ, յայտնել, թէ արդեօք թոքերու արհեստական օդափոխման սարքերու արտադրութեան փորձ ունին, թէ ոչ: Ան յորդորած էր էլեկտրոնային փոստով տրամադրել այդ տեղեկութիւնը: