ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւնները Օգնութեան Կը Հասնին Սահմանամերձ Համայնքներու Անապահով Ընտանիքներուն

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները, ՀՅԴ մարզային կառոյցներու հետ համատեղ կը մեկնարկեն Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներու անապահով ընտանիքներուն անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրելու ծրագիր:

Անոնք այս ուղղութեամբ տարածած են հաղորդագրութիւն, ուր մասնաւորապէս կ՛ըսուի․

«Այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան հազարաւոր բնակիչներուն է բաժին ինկած է ծանրագոյն փորձութիւնները դիմագրաւելու ճակատագիրը: Ճգնաժամը թակած է բոլորիս դռները: Բազմաթիւ մարդիկ ամէն օր ստիպուած են լուծել օրական հացի, ընտանիքի անդամներու համար սնունդ ապահովելու կենսական խնդիրները: Այս մարդիկ օտարներ չեն` անոնք մեր հարազատներն են, բարեկամները, քոյրերն ու եղբայրները, բանուորներն ու զինուորները: Հայաստանի Հանրապետութեան ճակատագիրը խարսխուած է նոյն այս մարդոց ճակատագրերուն:

«Իւրաքանչիւր կազմակերպութեան եւ անհատի պարտքն է գիտակցիլ այս օրերուն հայ հասարակութեան եւ հայկական պետութիւններու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու լրջութիւնը եւ գործուն քայլեր ձեռնարկելու, որոնք միտուած են իրավիճակի հանգուցալուծման։

Օգնութեան տրամադրման ուղղութեամբ աշխատանքներն արդէն մեկնարկած են:

Առնուած քայլերուն մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի կը հրապարակուին յառաջիկային»: