Եգիպտահայ Համայնքը Մէկ Միլիոն Եգ. Ոսկի (65 Հազար Տոլար) Կը Յատկացնէ «Թահիա Մասր» Հիմնադրամին

Աշխարհ, Սփիւռք

Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ Ազգային առաջնորդարաններուն կողմէ փափաք յայտնուեցաւ Եգիպտոսի սփիւռքի նախարար, դեսպան Նապիլա Մաքրամ Ապտէլ Շահիտին, «Թահիա Մասր» («Կեցցէ՛ Եգիպտոս») հիմնադրամին մէկ միլիոն եգիպտական թղթոսկի (65 հազար տոլար) տրամադրել՝ աջակցելով «Քորոնա» ժահրի համաճարակը դիմագրաւելու եգիպտական կառավարութեան ճիգերուն։

Նախարարը բարձր գնահատեց Եգիպտոսի մէջ համաճարակին տարածման վտանգը դիմագրաւելու այս փուլին վերոյիշեալ հիմնադրամին աջակցելու իր կոչին եգիպտահայոց ընդառաջելը՝ դրուատելով անոր ազգային դերակատարութիւնը։

Նախարարը վեր առաւ նաեւ ժողովուրդներու միջեւ համագործակցութեան ազդեցութիւնը, զոր կը ջանայ իր գլխաւորած նախարարութիւնը ցայտուն դարձնել Եգիպտոս բնակող համայնքներու դերը, ինչպէս «Մենք՝ եգիպտահայերս» հանդիսութեան ընթացքին, զոր նախարարութիւնը կազմակերպած էր՝ մեծարելու համար եգիպտահայ համայնքը։

Ան աւելցուց որ եգիպտահայերը եգիպտական ազգային խճանկարին անբաժան մասնիկն են, եւ որ անոնք կարեւոր դեր խաղացած են Եգիպտոսի պատմութեան մէջ եւ ցարդ կը շարունակեն նպաստել երկու պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման։ Առ այդ, նախարարը անհրաժեշտ նկատեց լուսարձակի տակ առնել եգիպտահայերուն նպաստը, Եգիպտոսին՝ անոնց կապուածութեան աստիճանը եւ վերարծարծել անոնց յիշատակները։

Նապիլա Մաքրամ Ապտէլ Շահիտ դարձեալ կոչ ուղղեց արտասահմանաբնակ բոլոր եգիպտացիներուն՝ տագնապներու եւ աղէտներու դիմագրաւման յատկացուած «Թահիա Մասր» հիմնադրամի դրամատնային հաշիւին (եգիպտական բոլոր դրամատուններուն մէջ 037037 համարով) միջոցով աջակցելու կարիքաւոր եգիպտացի ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ ոչ-մնայուն աշխատանք ունեցողներուն, որոնք տուժեցին աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով։