Թանքեանի, Էկոյեանի եւ Արսինէ Խանճեանի Մասին Պատմող «Ճանապարհ Դէպի Տուն» Ֆիլմը Հասանելի է Համացանցի Վրայ

Սփիւռք

Հայաստանի մէջ 2007 խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն, ձերբակալութիւն, այցելութիւն Արցախ. աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ, «System Of A Down» խումբի մենակատար Սերժ Թանքեանի, գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեանի եւ դերասանուհի, արտադրող Արսինէ Խանջեանի մասին պատմող «Ճանապարհ դէպի տուն» վաւերագրական ֆիլմը արդէն հասանելի է համացանցի վրայ։ 

Բեմադրիչ Սեդա Գրիգորեանի ֆիլմին մէջ անոնց այցը Արցախի Հանրապետութիւն, ինչպէս նաեւ Խանճեանի զրոյցը մարդոց հետ:


ֆիլմը մասնակցած է շարժանկարի շարք մը փառատօններու, Թորոնթոյի «Նուռ» կինոփառատօնին արժանացած Լաւագոյն կարճամետրաժ վաւերագրական ֆիլմ մրցանակին` ուշադրութիւն հրաւիրելով այն օրերուն Հայաստանի մէջ առկայ մարդու իրաւունքներու խնդրին վրայ: