Էտուարտօ Էռնէկեան 250 Հազար Դոլար Պիտի Տրամադրէ ՀՀ Կառավարութեան «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Համար

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի  Հանրապետութեան  ազգային  հերոս Էտուարտօ Էռնէկեան 250.000 տոլարի օգնութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանի կառավարութեան` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի համար: Այս մասին կը յայատնէ «Զուարթնոց» օդակայանի ֆէյսպուքեան էջը։

Արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնէկեան Հարաւային Ամերիկայի ամենահարուստներէն է: 2017 թուականի Սեպտեմբեր 21-ին անոր շնորհուած է ՀՀ ազգային հերոսի կոչում: