«Ռեքւիեմ»` Նուիրուած Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմին Նահատակուած Հայ Հերոսներու Յիշատակին

Հայաստան

Ի յիշատակ ապրիլեան պատերազմի մէջ նահատակուած հայ քաջերուն Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը Ապրիլ 4-ին «Ֆէյսպուք”-ի իր պաշտօնական էջին վրայ պիտի ներկայացնէ Պրուքներու «Ռեքւիեմ”-ը:

Համերգին ելոյթ ունեցած են Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբը եւ «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբը` ՀՊՅՆ գեղարուեստական  ղեկավար եւ  գլխաւոր է խմբավար Վահան Մարտիրոսեանի  ղեկավարութեամբ:

«Համերգի տեսագրութեան ցուցադրութիւնը կեդրոնին յարգանքի տուրքն է քառօրեայ պատերազմի հերոսներու յիշատակին: Ստեղծագործութիւնը Հայաստանի մէջ կատարուած է առաջին անգամ` կեդրոնի նախաձեռնութեամբ»,- կ՛ըսուի Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: