Պուրճ Համուտը Երէկ Ապրեցաւ Խանդավառ Եւ Երաժշտական Պահեր

Սփիւռք

Երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-էն, կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին, 1 ժամ տեւողութեամբ, Պուրճ Համուտի Մարաշ թաղի սկիզբը գտնուող իր տան պատշգամէն յունարէն երգերու մեկնաբան Թորոսը նուագով բարձրացուց շրջանի բնակիչներուն տրամադրութիւնը` զանազան երգերով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան: Պատշգամները գտնուող հայորդիներուն իր խօսքը ուղղեց Յակոբ Բագրատունի, որ անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրին իբրեւ հետեւանք Լիբանանի մէջ ընդհանրապէս եւ Պուրճ Համուտի մէջ յատկապէս ստեղծուած կացութեան:

Բագրատունի ըսաւ. «Օրերը այնքան դժուար են, որ մենք ձեզմէ կը խնդրենք, որ առո՛ղջ մնաք, տո՛ւնը մնաք: Մենք ձեզմէ ո՛չ դրամ կ՛ուզենք, ո՛չ օգնութիւն կ՛ուզենք, ո՛չ ալ արիւն կ՛ուզենք: Այս բոլորը դուք օրին տուած էք` աւելիով: Այսօր ուզուածը մէկ բան է, որ տուներէն դուրս չելլէք. դուք տո՛ւնը մնացէք եւ մենք ձեր քով կու գանք: Ձեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքը, իւրաքանչիւր մեծ հօր, մեծ մօր, եղբօր, քրոջ ու զաւակներուն կեանքը ամբողջ աշխարհը կ՛արժէ: Դուք մեծագոյն հարստութիւնն էք: Հետեւաբար, պահեցէք այդ հարստութիւնը:

«Փառք Աստուծոյ, Աստուած մեզի տուած է տղաք ու աղջիկներ, որոնք յանձն առած են հասնելու մեր ժողովուրդին: Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ` Ֆարայիայէն մինչեւ Այնճար, Զահլէ, Աքքար եւ ամէն տեղ ուր հայութիւն կայ: Պիտի հասնինք, որովհետեւ մենք կ՛ուզենք, որ այս համաճարակէն ողջ-առողջ դուրս գանք: Մենք շատ պատերազմներ տեսած ու մղած ենք եւ տակաւին ունինք մղելիք մեր ազգին պահպանման համար: Այս համաճարակին համար մենք չենք ուզեր զոհեր տալ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ան ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը, կամաւոր տղաքն ու աղջիկները,  քոյր միութիւնները, որոնք յանձն առած են այս դժուարութեան մէջ ձեզի հետ ըլլալու, ժողովուրդին հետ են ու անոնց համար կը գործեն:

«Մենք կը փորձենք հասնիլ բոլորին: Այս կացութեան մէջ ոչ կուսակցութիւններու, ոչ համայնքներու ոչ ալ կողմնակալութիւններու հարցերով զբաղելու ժամանակ ունինք: Մեր նպատակը բոլորին հասնիլն է: Դուք դիմեցէք, մենք կը հասնինք», շեշտեց ան ու շարունակեց, որ  դիմումներ կը կատարուին նոյնիսկ արաբերէն լեզուով`  այլ կուսակցութիւններու մէջ գործող հայերէ, որոնք կը զգան, թէ դժուարութեան օրերուն ո՛վ կը հասնի իրենց:

Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ իր ժողովուրդին կողքին ըլլալու կոչուած է եւ ոչ միայն 4 տարին անգամ մը, ինչպէս կ՛ըսեն կամ կ՛ընեն ուրիշներ: «Այսօր մեր ամէնէն դժուար օրերն են, իրարու հետ մէկ բռունցք պիտի ըլլանք, իրարու հետ մէկ մարմին ու բազուկ պիտի ըլլանք: Ձեզմէ իւրաքանչիւրին ուրախութիւնը մեր բոլորին ուրախութիւնն է: Բոլորին վարձքը կատա՛ր: Խնդրելով կը խնդրեմ, որ տո՛ւնը մնաք եւ վայելէք ձեր զաւակներն ու ընտանիքները: Այս օրերն ալ կ՛անցնին, որովհետեւ մեր ժողովուրդը վարժ է դժուարութիւններէն դուրս գալու: Վստահ եմ, որ առանց վնասի դուրս պիտի գանք այս համաճարակէն, որովհետեւ ձեզի պէս սքանչելի ժողովուրդ ունինք», եզրափակեց ան:

Նշենք, որ այս նախաձեռնութենէն հատուած մը սփռուեցաւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն: