Արցախի Մէջ Պիտի Իրականացուի Նախագահական Ընտրութեան Երկրորդ Փուլ

Հայաստան

Մարտ 31-ին կայացած համապետական ընտրութիւններու ԱՀ Նախագահի ընտրութիւններուն ընտրողներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 104,348, իսկ քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը՝ 76,728 կամ 73.5%-ը:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ այս մասին այսօր կայացած լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին ըսած է ԱՀ Կեդրոնական ընտրական յաձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան:

Անոր խօսքով՝ անվաւեր քուէաթերթիկներուն թիւը կազմած է 2625 կամ քուէարկութեան մասնակիցներուն 3.5 %-ին կողմէ ոչ ճիշդ լրացուած քուէաթերթիկները:

Այսպիսով՝ Քրիստին Բալայեանին կողմ քուէարկած է 202 ընտրող կամ կողմ քուէարկած քուէաթերթիկներու 0.3 %-ը, Վիտալի Բալասանեան՝ 10,755 կամ 14.7 %-ը, Ամիրեան Սերգէյ՝ 106 ընտրող կամ 0.2 %, Դաւիթ Բաբայեան՝ 587 ընտրող կամ 0.8%, Բելլա Լալայեան՝ 162 ընտրող կամ 0.2%, Արայիկ Յարութիւնեան՝ 36,076 կամ 49.26 %, Հայկ Խանումեան՝ 962 ընտրող կամ 1.3%, Դաւիթ Իշխանեան՝ 1873 ընտրող կամ 2.56 %, Վահան Բադասեան՝ 743 ընտրող կամ 1%, Մասիս Մայիլեան՝ 19,360 կամ 26.4%, Աշոտ Ղուլեան՝ 1683 ընտրող կամ 2.3%, Ռուսլան Իսրայէլեան՝ 368 ընտրող կամ 0.5%, Աշոտ Դադայեան` 198 ընտրող կամ 0.3%, Մելսիկ Պօղոսեան՝ 141 ընտրող կամ 0.2%:

Ս. Արզումանեան տեղեկացուցած է, որ թեկնածուներէն ոչ մէկը յաղթահարած է բոլոր թեկնածուներուն կողմ քուէարկուած ձայներու 50+1 ձայները, որ կը նշանակէ, թէ պէտք է իրականացուի երկրորդ փուլը:

Համաձայն ընտրական օրէնսդրութեան՝ երկրոր փուլը պիտի իրականացուի Ապրիլ 14-ին: Վերջնական որոշումը պիտի կայացուի Ապրիլ 7-ին: