«Քորոնա» Ժահրով Վարակուած 3 Զինծառայողներուն «Կեանքին Վտանգ Չի Սպառնար»

Հայաստան

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան այսօր հանդէս եկած է պարզաբանումով` բանակին մէջ «Քորոնա» ժահրի դէպքերու հետ կապուած:

«Քորոնա» ժահրի տարածումը զինուած ուժերու մէջ կանխելու նպատակով ծաւալուն բժշկական կանխարգելիչ աշխատանքներ իրականացուցած ենք` ստեղծելով անհրաժեշտ պայմաններ, որպէսզի զինծառայողները զերծ մնան ժահրէն: Այնուամենայնիւ, հնարաւոր չէ կանխել վարակի ներթափանցումը բանակ, քանի որ զինծառայողներուն մեծ զանգուած մը ամենօրեայ շփման մէջ է քաղաքացիական բնակչութեան հետ:

 Մարտ 25-ին մարտական խնդիրներու մէջ չներգրաւուած զօրամասի երեք զինծառայողէն կատարուած էր նմուշառում: COVID-19 հետազօտման քննութեան արդիւնքով երեք զինծառայողի մօտ ախտորոշուած է «Քորոնա»: Զինծառայողներէն մէկու ընտանիքի անդամին մօտ նախապէս հաստատուած «Քորոնա» ժահրի առկայութիւնը: Երեք զինծառայողի հաստատուած դէպքերը փոխկապակցուած են եւ կ՛առնչուին երկրի մէջ արձանագրուած առաջնակի դէպքերու օջախներէն մէկուն հետ: Համաճարակաբանական հետազօտութիւններու տուեալներէն մեկնած, նշուած զինծառայողները նախապէս եղած են մեկուսացած, ինչ որ զգալիօրէն նուազեցուցած է վարակի յետագայ տարածման վտանգները:

 Զինծառայողներն այժմ հիւնադանոցի մէջ են, անոնց առողջական վիճակը բաւարար է, ոեւէ մէկը թոքաբորբ չունի: Զինծառայողներէն մէկը ունի ջերմութեան թոյլ բարձրացում, իսկ երկուքը չունին ջերմութիւն եւ հիւանդութեան բնորոշ այլ ախտանիշներ:

Կը վստահեցնեմ, որ «Քորոնա» ժահրով հիւանդութեան ախտանիշով զինծառայողներուն բարձրորակ եւ արդիւնաւէտ բուժօգնութիւն կը ցուցաբերուի, անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար»,- յայտարարած է նախարարը:

 Ան տեղեկացուցած է, որ պարզուած է զինծառայողներու շփումներու ամբողջ շրջանակը եւ անոնք եւս մեկուսացած են: 

32 զինծառայողի եւս քննութիւն կը կատարուի՝ ժահրի առկայութեան կասկածով։

 «ՀՀ զինուած ուժերու մէջ կը շարունակուին ձեռնարկուած լայնածաւալ կանխարգելիչ նախաձեռնութիւնները: Բոլոր զօրամասերուն մէջ կը կիրառուին խիստ սահմանափակումներ վարակի ներթափանցումը կանխելու ուղղութեամբ, սահմանուած է ամենօրեայ վերահսկողութիւն զինծառայողներու առողջական վիճակի նկատմամբ: Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին զինուած ուժերու մէջ իրականացուող համալիր հակահամաճարակային միջոցառումներու եւ կիրառուող խիստ սահմանափակուներու արդիւնքով շեշտակի նուազած է ոչ պակաս վտանգաւոր այլ վարակիչ հիւանդութիւններու քանակը, ինչ որ կը վկայէ իրականացուող նախաձեռնութիւններու արդիւնաւէտութեան մասին:

 Մասնաւորապէս, նախորդ տարիներու նոյն ժամանակահատուածի համեմատութեամբ, «սուր շնչառական հիւանդութիւններով», «ջուրիծաղիկով», «անգինայով» հիւանդութիւնները նուազած են 4 անգամ, իսկ աղիքային վարակով հիւանդներ ներկայիս ԶՈՒ անձնակազմի մէջ ընդհանրապէս չկան:

 Յատկանշական է, որ վերջին տարիներուն 5 անգամ նուազած է «թոքաբորբով» հիւանդացութիւնը, իսկ ծանր ընթացքով «թոքաբորբերո» քանակը` 10 անգամ, անկանոն ընթացքով եւ մահուան ելքով «թոքաբորբեր» զինուած ուժերու մէջ չեն արձանագրուած»,- ամփոփած է Դաւիթ Տօնոյեան: