Հայաստան Ձեռք Բերած է Աշխարհի Մէջ Քորոնա» Ժահրի Դէմ Կիրառուող Բոլոր Դեղամիջոցները

Հայաստան

Հայաստան ձեռք բերած է աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ, առնուազն փորձարարական մակարդակով կիրառուող այն դեղամիջոցները, որոնք որեւէ դրական արդիւնք ցոյց տուած են «Քորոնա» ժահրը բուժելու հարցով: «Արմենփրէս»-ի փոխանցմամբ` այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջի ուղիղ եթերի ժամանակ ըսած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

«Մենք արդէն ունինք այն բոլոր դեղամիջոցները, որոնք, առնուազն փորձարարական մակարդակով, աշխարհի մէջ հիմա կը կիրառուին այս հիւանդութեան բուժման համար: Քանի որ ապացուցողական հիմքը դեռ այնքան մեծ չէ, որ մենք հարիւր տոկոսով վստահ ըլլանք, թէ որ դեղը կը բուժէ այս հիւանդութիւնը, սակայն այն բոլոր դեղերը, որոնք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ցոյց տուած են որեւէ արդիւնք, մենք այս պահուն ունինք նաեւ մեր զինանոցին մէջ եւ անոնք կը կիրառուին»,- ըսած է Թորոսեան:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հաստատուած դէպքերու թիւը 235-ի հասաւ: 

Կառավարութիւնը արտակարգ դրութիւն յայտարարած է: Արտակարգ դրութիւնը կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին 2020-ի Մարտ 16-էն, ժամը 18:30-էն սկսեալ մինչեւ Ապրիլ 14-ը, ժամը 17:00-ն:

Հայաստանի մէջ “Քրոնա” ժահրի հաստատուած առաջին դէպքը արձանագրուած էր Մարտ 1-ին: Քաղաքացին Հայաստան եկած էր Իրանէն: Ան առողջացած եւ դուրս ելած է հիւանդանոցէն: Մարտ 21-ին արձանագրուած է ապաքինման երկրորդ դէպքը: