Հայաստանի Մէջ “Քորոնա” Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Հասաւ 235-ի

Հայաստան

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է “Քորոնա” ժահրով վարակուելու 41 նոր դէպք: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին ֆէյսպուքի իր էջի ուղիղ եթերով յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Այսօր 41 նոր դէպք ունինք հաստատուած, այս դէպքերու ծաւալը եւ աշխարհագրութիւնը որոշ անհանգստութիւններ կ՛առաջացնեն: Կոտայքի մարզի արտադրական ձեռնարկութեան, Երեւանի Էրեբունի համայնքին մէջ գտնուող արտադրական ձեռնարկութիւններէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է “Քորոնա” ժահրի վարակման դէպք: Մեր հիւանդներու “Քորոնա” ժահրի դրական ախտորոշուած 235 անձերէն 26-ը ունին թոքաբորբ, բայց անոնց վիճակը վերահսկելի է: Վարակուածներուն մեծ մասը ջերմութիւն չունի»,- ըսած է Փաշինեան։

Կառավարութիւնը արտակարգ դրութիւն յայտարարած է: Արտակարգ դրութիւնը կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին 2020-ի Մարտ 16-էն, ժամը 18:30-էն սկսեալ մինչեւ Ապրիլ 14-ը, ժամը 17:00-ն:

Հայաստանի մէջ “Քրոնա” ժահրի հաստատուած առաջին դէպքը արձանագրուած էր Մարտ 1-ին: Քաղաքացին Հայաստան եկած էր Իրանէն: Ան առողջացած եւ դուրս ելած է հիւանդանոցէն: Մարտ 21-ին արձանագրուած է ապաքինման երկրորդ դէպքը: