«Աւրորա» Նախաձեռնութիւնը Թոքերու Արհեստական Շնչառութեան 10 Սարք Պիտի Տրամադրէ Հայաստանի Հիւանդանոցներուն

Աշխարհ, Հայաստան

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրները եւ նախագահները տարածած են յայտարարութիւն, ուր կը նշուի, թէ հիւանդանոցներուն պիտի տրամադրեն թոքերու արհեստական շնչառութեան 10 սարք։

««Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գործընկերներու եւ աջակիցներու անունով կ՝ուզենք հաստատել, որ «քորոնա» ժահրի հիւանդութեան (COVID-19) բռնկման ու տարածման ընթացքին ամբողջապէս մտադիր ենք շարունակելու մեր ջանքերը՝ օգնելու ամենակարիքաւորներուն՝ միաժամանակ աջակցելով Հայաստանի մէջ առաջնագծի վրայ պայքարող առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներուն:

«Աւրորա»-ի առաքելութեան առանցքային գաղափարը կեանք եւ յոյս պարգեւելն է անոնց, որոնք մարդասիրական աջակցութեան խիստ կարիք ունին աշխարհի որեւէ վայրի մէջ: Այդ գաղափարը աւելի քան պատեհ է յատկապէս 2020 Մարտ 11-ին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ COVID-19-ը համաճարակ համարելէն ետք: Եւ այսօր, աւելի քան երբեւէ, մենք հաստատակամ ենք օգնութեան ձեռք մեկնելու անոնց, որոնք այլապէս կրնային անտեսուած ըլլալ կամ ամբողջովին լքուած:

Այս համաճարակը փոխած է համաշխարհային օրակարգը: Մինչ աշխարհը ուժերը կեդրոնացուցած է պատուաստանիւթ արտադրելու եւ վնասը նուազագոյնի հասցնելու վրայ, փախստականներն ու խոցելի միւս համայնքները, որոնց անվերապահօրէն կ՝աջակցի «Աւրորա»-ն, կը շարունակեն տառապիլ եւ COVID-19 ժահրին պատճառով բախիլ լրացուցիչ այլ դժուարութիւններու: Մեզի համար կարեւոր է տեսադաշտէն դուրս չձգել անոնց խնդիրները: 

«Աւրորա»-ն պիտի շարունակէ երկրորդ հնարաւորութիւն ընձեռել անոնց, որոնք արդէն իսկ անցած են բաւական փորձութիւններու մէջէն: Միեւնոյն ժամանակ, «Աւրորա»-ն իր նպաստը պիտի բերէ համաճարակին դէմ պայքարին Հայաստանի մէջ՝ #AraratChallenge շարժման հանգանակութեամբ հիւանդանոցներուն տրամադրելով թոքերու արհեստական շնչառութեան տասը սարք:

Իբրեւ համաշխարհային շարժում՝ մարդոց անվտանգութիւնն ու առողջութիւնը մեզի համար ծայրաստիճան լուրջ հարց է: Այս դժուար ու անորոշ ժամանակներուն պարզ է մէկ բան. իւրաքանչիւր օր աշխարհի վրայ աւելի ու աւելի շատ մարդ օգնութեան կարիք պիտի ունենայ, եւ այդ օգնութեան տրամադրումը մեր պարտականութիւնն ու պատասխանատւութիւնն է։

Մարտահրաւէրը նետուած է ամբողջ մարդկութեան, եւ մենք բոլորիդ կոչ կ՝ընենք միանալու «Աւրորա»-ին՝ զայն յաղթահարելու ջանքերուն»: