11 Տարի Առաջ Հրատարակուած Գիրքի Մը Մէջ Կանխագուշակուած Է «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակը

Աշխարհ

Ֆրանսացի հեղինակաւոր պատմագէտ, աշխարհաքաղաքագէտ եւ լրագրող Ալեքսանտր Ատլէր, որ հակառակ իր ձախակողմեան կազմաւորման ու համոզումներուն, մաս կը կազմէ աջակողմեան «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթի խմբագրութեան, 2009-ին հրատարակած իր «Սի.Այ.Էյ.-ի գաղտնի թղթածրարները» գիրքին մէջ կը զգուշացնէր «Քորոնա» ժահրի պատճառելիք համաշխարհային համաճարակէ մը: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին մէջ կը յայտնէ ՀՅԴ գործիչ Հրաչ Վարժապետեան:

Գիրքին էջ 250-251-ի մէջ, «Հաւանական պայթումը համաշխարհային համաճարակի մը» ենթախորագիրին տակ, ան յստակ կը նշէ «քորոնավայրըս» անուանումը, անոր տարածումը «գուշակելով» մինչեւ 2025 թուական:

Ուղղակի փշաքաղող է: 11 տարի առաջ հրատարակուած այս «նախատեսութիւնը» այս օրերուն կ՛ապրինք` յար եւ նման գրուածին: Հոն յստակ կը նշուի, թէ այս ժահրը ծայր պիտի առնէ Չինաստանէն եւ հարաւային Ասիայէն, ապա պիտի տարածուի աշխարհով մէկ, որուն իբրեւ հետեւանք պիտի ստեղծուին միջսահմանային տագնապներ, պիտի յառաջանայ տնտեսական աննախադէպ ճգնաժամ, եւ անկարելի պիտի ըլլայ առաջքը առնել ժահրի տարածման, որովհետեւ գոյութիւն պիտի չունենայ անոր դէմ պատուաստը: Եւ ամէնէն ահաւորը` ան յստակ կը նշէ, թէ Արեւմուտքի մէջ ժահրը պիտի խլէ տասնեակ միլիոնաւոր զոհեր, իսկ աշխարհով մէկ` հարիւրաւոր միլիոն: Բարեբախտաբար զոհերուն գծով կանխատեսուած թիւերէն շատ հեռու ենք տակաւին…

Վերջապէս, հետաքրքրական է նաեւ, որ ծագումով հրեայ Ալեքսանտր Ատլէր սերտ յարաբերութիւններ ունի Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ մարմիններու հետ, ինչպէս նաեւ` անձնական մտերմութիւն ` Հանրի Քիսինճըրի, Ռիչըրտ Փըրլի եւ Փօլ Վոլֆովիցի հետ. անուններ, որոնց մասին յաւելեալ մեկնաբանութեան կարիք չկայ…