Հայաստանի Մէջ Քորոնա Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Հասած է 115-ի

Հայաստան

Մարտ 19-ի, ժամը 09:00-ի դրութեամբ իրականացուած Քորոնա ժահրի հիւանդութեան (COVID-19) քննութիւններու արդիւնքով հաստատուած է եւս 5 դէպք:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն, բոլոր վարակուածներուն առողջական վիճակը բժիշկները կը գնահատեն բաւարար:

«Ընդհանուր` այս պահուն արձանագրուած է 115 դէպք: Ունինք առողջացած 1 անձ: Արդիւնքներու համաճարակաբանական վերլուծութեան տուեալները կը փաստեն, որ 99 դէպք փոխկապակցուած է երկու առաջնակի դէպքերու հետ:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը կրկին կոչ կ՛ընէ`

✅մնացէ’ք տունը,
✅սահմանափակեցէ’ք շփումները,
✅հետեւեցէ’ք անձնական մաքրութեան,
✅յաճախակի լուացէ’ք ձեռքերը օճառով` առնուազն 20 վայրկեան տեւողութեամբ, յատկապէս սնունդ ընդունելէն առաջ եւ տուն մտնելէն ետք,
✅հնարաւորութեան սահմաններու մէջ նուազեցուցէ’ք հանրային փոխադրամիջոցէն օգտուիլը,
✅շփումներու պարագային պահպանեցէ’ք առնուազն 1 մեթր հեռաւորութիւն,
✅կրիփի նման երեւոյթներու առկայութեան պարագային չզբաղի’լ ինքնաբուժութեամբ, տեղեկացնել բժիշկին,
✅եթէ վերադարձած էք այնպիսի երկիրներէ, ուր համաճարակային իրավիճակը լարուած է, ինքնամեկուսացէ’ք 14 օր` կապ հաստատելով դարմանատան փեր բժիշկին հետ,
✅պարբերաբար կատարեցէք ջերմաչափում` արդիւնքներու մասին տեղեկացնելով բժշկին,
✅խուճապի մի’ մատնուիք եւ հետեւեցէք ձեր բժիշկի խորհուրդներուն:

Յիշեցնենք, որ առողջապահութեան նախարարութեան մէջ կը գործէ շուրջօրեայ «թէժ գիծ» ծառայութիւն` 8003 եւ «օպերատիւ զանգերու կեդրոն»` 060838300 հեռախօսահամարներով»,- ըսուած է նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: