Քորոնա Ժահրով Հիւանդներուն թիւը Բարձրացաւ 64-ի

Uncategorized

Մարտ 17-ին, ժամը 12:00-ի դրութեամբ իրականացուած Քորոնա ժահրով հիւանդութեան քննութեան արդիւնքով հաստատուած է եւս 12 դէպք, որոնցմէ 6-ը փոխկապակցուած է Էջմիածինի դէպքին հետ, իսկ միւս 6-ը` արտադրամասին: Վերջններս ի սկզբանէ եղած են մեկուսացման մէջ:

Ընդհանուր այս պահուն ունինք հաստատուած 64 դէպք, որոնցմէ 1-ը` առողջացած է:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը կրկին կոչ կ՛ընէ`

✅խուսափի’լ շնչառական վարակներով հիւանդներու հետ շփումէն, եթէ անհնար է՝ օգտագործե’լ անհատական պաշտպանիչ միջոցներ (դիմակներ)
✅յաճախակի լուալ ձեռքերը` առնուազն 20 վայրկեան տեւողութեամբ, յատկապէս սնունդ ընդունելէն առաջ եւ տուն մտնելէն ետք

✅կիփի նման երեւոյթներու առկայութեան պարագային, չզբաղիլ ինքնաբուժումով, դիմե’լ բժիշկի:
✅յիշեցնենք, որ առողջապահութեան նախարարութեան մէջ կը գործէ շուրջօրեայ «թէժ գիծ» ծառայութիւն` 8003 եւ «օպերատիւ զանգերու կեդրոն»` 060838300 հեռախօսահամարներով: