Մէկ Օրուան Մէջ 2000-է Աւելի Անձ Արձագանգած է ԱՆ-ի՝ Կամաւորներ Հաւաքագրելու Յայտարարութեան

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան՝ կամաւորներ հաւաքագրելու յայտարարութեան արձագանգած են բազմաթիւ քաղաքացիներ: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է առողջապահութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Ալինա Նիկողոսեան:

«Սիրելի հայրենակիցներ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ երեկուան` «քորոնա» ժահր հիւանդութեամբ պայմանաւորուած տարատեսակ միջոցառումներ իրականացնելու նպատակով կամաւորներու հաւաքագրման յայտարարութեան անմիջական ու սրտացաւ արձագանգելու համար: Արդէն իսկ արձանագրուած է 2000-է աւելի անձ` յայտնելով իրենց պատրաստակամութիւնը նախարարութեան աշխատանքներուն ներգրաւուելու հարցով: Այսպիսով, այս փուլին ունինք կամաւորներու բաւարար տուեալներ, որուն համար ժամանակաւորապէս կը դադրեցնենք նոր կամաւորներ ընդգրկելու մեր խնդրանքը»,- նշած է ան:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելէ ետք՝ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածեց կամաւորներ հաւաքագրելու նպատակով։

Հայաստանի ամբողջ տարածքին, Մարտ 16-էն մինչեսւ Ապրիլ 14 հաստատուած է արտակարգ դրութիւն։