Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Հաստատուած Դէպքերուն Թիւը 72-ի Հասաւ

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «քորոնա» ժահրի 8 նոր դէպք: Այս մասին Facebook-ի իր էջին միջոցով կը յայտնէ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

«Ունինք եւս 8 հաստատուած դէպք, որոնցմէ ոմանք արդէն իսկ մեկուսացուած եղած են, իսկ միւսներուն շփման շրջանակը կը պարզուի: Անոնցմէ 1-ը փոխկապակցուած է «Էջմիածին»-ի դէպքին հետ, իսկ միւս 7-ը` «արտադրամաս»-ի: Հանրագումարով, այս պահուն ունինք հաստատուած 72 դէպք, որոնցմէ 1-ը՝ առողջացած»,- կը նշէ Թորոսեան: