Եւրօ-2020-ը Մէկ Տարիով Յետաձգուեցաւ

Այլեւայլ, Աշխարհ

Ֆութպոլի Եւրոպայի 2020 թուականի առաջնութիւնը յետաձգուեցաւ մէկ տարիով:

Նման որոշում ընդունուեցաւ ՈՒԵՖԱ-ի մասնակից անդամներու տեսախորհրդաժողովին ժամանակ, որուն կը մասնակցէին ազգային ֆետերասիոններու ներկայացուցիչները: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, գրած է Նորուէկիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի Twitter-ի էջը:

Եւրոպայի առաջնութիւնը պիտի իրականացուի 2021-ին` Յունիս 11-Յուլիս 11:

Եւրոպայի առաջնութեան 60-ամեակին առիթով՝ այս տարի Եւրօ-2020-ը պիտի իրականացուի 12 քաղաքներու մէջ` Լոնտոն, Միւնիխ, Ս. Փեթերզպուրկ, Պաքու, Հռոմ, Պուխարեսթ, Տուպլին, Քոփենհակըն, Պիլպաօ, Կլազկօ, Պուտափեշտ եւ Ամսթերտամ: