Կարօ Փայլան Հարցում Ուղղած Է Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարին` Երկրաշարժի Հետեւանքով Վնասուած Հայկական Եկեղեցւոյ Մասին

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան հարցում ուղղած է Թուրքիոյ Մշակոյթի նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին` 24 Փետրուարին թուրք-իրանական սահմանին տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով վնասուած հայկական ձորադիրի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ ճակատագիրին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։
«Յարգելի մամլոյ ներկայացուցիչ,
24 Փետրուար 2020-ին, Իրանի Խոյ քաղաքին մօտ պատահած էր 5,9 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը, որուն հետեւանքով Վանի Պաշքալէ արուարձանի բնակիչ 9 քաղաքացի մահացած եւ 50 քաղաքացի ալ ստացած էր տարբեր վնասուածքներ: Պաշքալէի գիւղերուն մէջ ալ պատահած էին լուրջ աւերներ:
Երկրաշարժը լուրջ վնասներ հասցուցած է նաեւ Պաշքալէի մշակութային յուշարձաններուն, որոնցմէ մէկն է Է. դարուն կառուցուած Ձորադիրի Ս. Էջմիածին եկեղեցին, որ պատմական ու ճարտարապետական առումով կարեւոր կառոյց մը ըլլալով հանդերձ ձգուած է իր ճակատագիրին: Եկեղեցին երկրաշարժին հետեւանքով ա՛լ աւելի վնասուած է եւ փլած է անոր աջակողմեան որմնախորշը: Պատահած փլուզումը կարելի է տեսնել նաեւ կցեալ լուսանկարներուն վրայ:
Նիւթին շուրջ հետեւեալ հարցումները ուղղած ենք մշակոյթի եւ զսօբաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին.
1. Ճշդուա՞ծ են այն վնասները, որ երկրաշարժը պատճառած է Ձորադիրի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ:
2. Պատմական ու ճարտարապետական առումով անզուգական նկատուող եկեղեցւոյ վնասները նորոգելու համար գումար պիտի տրամադրուի՞ եւ ժամ առաջ բարեզարդման աշխատանքներու պիտի ձեռնարկուի՞:
3. Երկրաշարժէ տուժած Վանի այլ յուշարձաններու վնասները ճշդելու համար աշխատանք կատարուա՞ծ է:
4. Վանի մշակութային յուշարձաններու գոյքագրումը կատարուա՞ծ է:
5. Որ՞ն է նախարարութեանդ գործողութիւններու ծրագիրը` Վանի մշակութային յուշարձաններու պահպանման, նորոգութեան ու որպէս մշակութային յուշարձան յաջորդ սերունդներուն փոխանցման ուղղութեամբ»