Այս պահուն Հայաստանի Մէջ Պսակաւոր Ժահրով Վարակուած 8 Անձ Կայ

Հայաստան

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Մարտ 13-ին յայտնած է, որ այս պահուն Հայաստանի մէջ պսակաւոր ժահրով վարակուած 8 դէպք կայ:

«Երկուքի մասին լուրը քիչ առաջ հաստատուած է, անոնք նոյն շրջանակէն են, ինչ նախկին 3 դէպքը»,- ըսած է նախարարը:

Թորոսեան տեղեկացուցած է, որ մեկուսացածներէն 31-ի քննութեան արդիւնքները պարզ պիտի ըլլայ երեկոյեան: