Զգոյշ Մնալու Անհրաժեշտութիւնը «Քորոնա» Ժահրին Դիմաց

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ա­զատ Օր»

Ե­րէկ, ­Յու­նաս­տա­նի ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րը յայ­տա­րա­րեց երկ­րի տա­րած­քին բո­լոր պե­տա­կան ու անձ­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րու եւ կրթա­րան­նե­րու փա­կու­մը 14 օ­րե­րու հա­մար։
­Մին­չեւ ե­րէկ գի­շեր, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ար­դէն գրան­ցո­ւած էին «­Քո­րո­նա» ժահ­րէն վա­րա­կո­ւած­նե­րու 89 պա­րա­գա­ներ։
Պե­տա­կան մե­քե­նան օ­րեր շա­րու­նակ հե­տե­ւե­լով ժահ­րի տա­րա­ծու­մի ծա­ւա­լին, ան­մի­ջա­պէս ո­րո­շեց վար­ժա­րան­նե­րու փա­կու­մը, որ­պէս­զի ե­րե­խա­նե­րը եւ պա­տա­նի­նե­րը հե­ռու մնան հա­մա­տա­րած վա­րա­կում­նե­րէ, որոնք ա­ւե­լի լուրջ կա­ցու­թիւն­նե­րու կրնան ա­ռաջ­նոր­դել եւ հա­մա­ճա­րա­կի բնոյթ ստա­նալ։
Բ­նա­կա­նա­բար, այս ո­րո­շու­մին կ­՚են­թար­կո­ւին ամ­բողջ գա­ղու­թի տա­րած­քին գոր­ծող ա­մե­նօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րը եւ միօ­րեայ դպրոց­նե­րը։ Ար­դէն, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Հ.Կ.­Խա­չը դի­մա­տետ­րի ճամ­բով կոչ ուղ­ղեց բո­լոր ծնող­նե­րուն ու­շադրու­թեամբ հե­տե­ւիլ բո­լոր կա­նոն­նե­րուն եւ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը զերծ պա­հել հան­րա­յին վայ­րե­րէ եւ շփում­նե­րէ։
Օ­րեր ա­ռաջ, յու­նա­հայ միու­թիւն­նե­րը, մէ­կը միւ­սին ե­տե­ւէն առ­կա­խե­ցին հրա­պա­րա­կա­յին բո­լոր ե­լոյթ­նե­րը, ­Պա­տա­նե­կան եւ Ս­կաու­տա­կան հա­ւաք­նե­րը կանգ ա­ռին, պտոյտ­նե­րու թո­ւա­կան­նե­րը փո­խո­ւե­ցան։ Եր­կու խօս­քով, մեր հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րը ա­րագ եւ ան­մի­ջա­կան քայ­լե­րով անհ­րա­ժեշտ նա­խազ­գու­շա­կան քայ­լե­րը ա­ռին՝ դժո­ւար կա­ցու­թիւն­նե­րէ խու­սա­փե­լու հա­մար։
­Պէտք է սա­կայն նկա­տի ու­նե­նալ, թէ գա­ղու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ ամ­բող­ջո­վին կա­սեց­նել։ Ա­նի­կա կապո­ւած է յատ­կա­պէս ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ակմ­բա­յին կեան­քին հետ, ուր ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ըն­տա­նե­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը (հո­գե­հան­գիստ, եւ այլն), կամ կա­ռոյց­նե­րու կա­րե­ւոր ժո­ղով­նե­րը հա­ւա­նա­բար կա­րե­լի չէ յե­տաձ­գել։
Այս բո­լոր ստի­պո­ղա­կան պա­րա­գա­նե­րուն հա­մար, ամէն մէկս պար­տա­ւոր ենք հե­տե­ւիլ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րու կո­չե­րուն, լրջու­թեամբ կի­րար­կել ան­հա­տա­կան մաք­րու­թեան հա­մար յայ­տա­րա­րո­ւած բո­լոր կա­նոն­նե­րը, հա­մայ­նքա­յին վայ­րե­րուն մէջ խու­սա­փիլ ող­ջա­գու­րո­ւե­լէ կամ ձեռ­նո­ւե­լէ։
­Նոյ­նիսկ ե­թէ ան­հանգս­տու­թեան ա­մէ­նէն փոքր նշոյլն իսկ կը զգանք, խու­սա­փինք տու­նէն դուրս գա­լէ, կա­տա­րենք բժիշկ­նե­րու հրա­հանգ­նե­րը եւ հոգ տա­նինք մեր ա­ռող­ջու­թեան։
­Կոչ կ­՚ուղ­ղենք մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս ծնող­նե­րուն, լրջու­թեամբ հե­տե­ւիլ փոք­րիկ­նե­րու ա­ռող­ջու­թեան եւ ա­նոնց հե­ռու պա­հել հան­րա­յին վայ­րե­րէ կամ ըն­կե­րա­յին-բա­րե­կա­մա­կան հա­ւաք­նե­րէ։ ­Վար­ժա­րան­նե­րու 14օ­րեայ փա­կու­մը պէտք չէ նկա­տել ար­ձա­կուրդ կամ խա­ղի ա­ռիթ տու­նե­րէն դուրս, այլ զսպո­ւած մնա­լու պար­տա­կա­նու­թիւն՝ թէ՛ փոք­րե­րուն, թէ՛ չա­փա­հաս­նե­րուն հա­մար։
Վս­տահ ենք, որ զգու­շա­ւոր մնա­լու գի­տակ­ցու­թեամբ, բո­լորս պի­տի կա­րո­ղա­նանք հե­ռու պա­հել մեր ան­ձե­րը եւ ըն­տա­նիք­նե­րը դժո­ւար կա­ցու­թիւն­նե­րէ։

«Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխելու համար, յառաջիկայ 14 օրերուն համար Յունաստանի բոլոր վարժարանները փակ պիտի մնան։ Սոյն հրահանգին կ՚ենթարկուին նաեւ Հ.Կ.Խաչի «Ճէնազեան», «Զաւարեան» եւ «Ս. Յակոբեան» ազգային վարժարանները։