Իրանահայ Գործարարի Նախաձեռնած Բարեգործական Քայլով` 120 Միլիոն Թուման Արժողութեամբ Մաքրութեան Պարագաներու Օգնութիւն «Քորոնա» Ժահրով Հիւանդներուն

Uncategorized

Ընդամէնը քանի ժամ պահանջուեցաւ իրանահայ գործարարի նախաձեռնած արշաւին, որմով շուրջ 120 միլիոն թումանին համարժէք անկանխիկ օգնութիւն հաւաքուեցաւ «քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդներուն տրամադրելու համար։ Այս մասին կը հաղորդէ Alikonline.ir-ը՝ վկայակոչելով «Իրան-Հայաստան առեւտուրի պալատ»-ի թելեկրամային լրահոսը:

Նախաձեռնութիւնը «Իրան-Հայաստան առեւտրի պալատ»-ի նախագահ՝ Հերուիկ Եարիջանեանինն էր, որուն կոչին արձագանգելով միացան մարաթոնին փլասթիկ ոլորտի գործարարները ու միանգամեայ օգտագործման սաւաններ ձեռքբերելու համար դրամական օգնութիւն ցուցաբերեցին: Յատկանշական է, որ գոյացած գոյքը պիտի տրամադրուի բժշկական կեդրոններուն, կամ բուժման ընթացքի մէջ գտնուող վարակուած հիւանդներուն: Լուրը անմիջապէս հրապարակուած է պարսկալեզու «Սանաթէ փլասթիկ» տպագիր թերթին մէջ, ուր Հերուիկ Եարիջանեանի քայլը գնահատուած է, իբրեւ փլասթիկ արդիւնաբերութեան ոլորտի առաջատար գործարարի կողմէն արժանի եւ բարեգործական տպաւորիչ արարք:

Թերթը նաեւ նշած է նախագիծին մասնակցած գործարարներուն անունները: Հրապարակուած անուններու ցուցակին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ եւս քանի մը իրանահայ գործարարի անուն, ինչպէս Արսէն Աւետեանի, Արաբօ Ղազարեանի, Ռուբիկ Տէր-Աւանէսեանի, ինչպէս նաեւ Հենրիկ եւ Համլետ Եարիջանեաններու անունները:

Յատկանշական է, որ նախաձեռնութեան մասնակցած գործարարներէն 12-ը կը հանդիսանան «Իրան-Հայաստան առեւտուրի պալատ»-ի անդամներ: