Գանատայի Դեսպանը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանության Զոհերու Յիշատակին

Աշխարհ, Հայաստան

Oրերս Հայաստանի մէջ Գանատայի Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էլիսըն Մարի լէ Քլեր մասնաւոր այցով եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ապա նաեւ` թանգարան:

Դեսպանը ծաղկեպսակ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ` ծաղիկներ Անմար կրակին մօտ: Անոր կ՛ուղեկցէր Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի փոխտնօրէն Էդիտա Գզոյեան, որ հիւրին ու անոր ուղեկիցներուն ներկայացուց Յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, անոր խորհուրդն ու նշանակութիւնը:

Գանատայի դեսպանը շրջայց կատարեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը (ՀՑԹ), ուր անոր ներկայացուեցաւ Ցեղասպանութեան պատմութեան մանրամասնութիւնները եւ ներկայացուած ցուցադրութիւնը։

Այցի աւարտին դեսպան լը Քլեր գրեց Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ՝ իր երախտագիտութիւնը արտայայտելով թանգարանին մէջ կատարուող կարեւոր աշխատանքի համար եւ նշեց, որ թանգարանի միջոցով կը ներկայացուի սարսափելի պատմութիւն` համոզիչ ու ազդեցիկ եղանակով:

Գզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին՝ այցին ու ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար եւ նուիրեց թանգարանին հրատարակած անգլերէն գիրքերէն օրինակներ