ՀՀ-ի Մէջ Կասկածելի 8 Դէպքի Փորձարկման Արդիւնքներով «Քորոնա» Ժահր Չէ Ախտորոշուած

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի մէջ կատարուած է «քորոնա» ժահրի կասկածելի եւս 8 դէպքի փորձարկում. բոլորին պատասխանները եղած են բացասական, «քորոնա» ժահր չէ ախտորոշուած: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Սիրելի հայրենակիցներ, երեկուան ուղիղ եթերէս ետք եւս 8 կասկածելի դէպքի փորձարկում տեղի ունեցած է՝ բոլորը բացասական պատասխանով, այսինքն՝ «քորոնա» ժահր չէ ախտորոշուած:

Մեր միակ հաստատուած ախտորոշումով հիւանդին վիճակը նոյնն է. նոյնիսկ ջերմութիւն չունի: «Կոլտըն փելէյս»-ի ժողովուրդը նոյնպէս լաւ է:

Եթէ իրավիճակի փոփոխութիւն ըլլայ՝ կը տեղեկացնեմ: Եթէ այս նիւթով բան չհաղորդեմ, ուրեմն ամէն ինչ այնպէս է, ինչպէս գիտէք: Դուխով»,- գրած է վարչապետը: