«Բժիշկ՝ Բժշկեա՛ Զանձն Քո». Զոհրապ Մնացականեանի Պատասխանը Մեւլութ Չաւուշօղլուին
Հայաստանի ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան Twitter-ի իր էջին վրայ մեկնաբանած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հանդիպումը Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ:
«Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի՝ ԼՂ հակամարտութեան վերաբերեալ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն տրուող խորհուրդը մտաբերել կու տայ Ղուկաս 4:23-ը. «Բժիշկ՝ բժշկեա՛ զանձն քո»»,- գրած է Մնացականեան:
Մեւլութ Չաւուշօղլուն Անգարայի մէջ հանդիպած էր ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ: Հանդիպումէն ետք՝ թուրք նախարարը Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է,- «Մինսկի խումբը այսուհետեւ պէտք է կատարէ աւելի աշխոյժ աշխատանք Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման համար: Այդ որոշումը պէտք է ըլլայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրէն ներս»:@OSCE Minsk Group should produce more in terms of a settlement for the resolution of Nagorno-Karabakh issue.This solution should be in full respect of sovereignty, territorial integrity&internationally recognized borders of #Azerbaijan.
