Սումգայիթի Ոճրագործութիւնը Ատրպէյճանահայութեան Ցեղասպանութեան Միայն Մէկ Դրուագն Էր. Արտակ Բեգլարեան

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան, Փետրուար 27-ին, Ասկերան քաղաքի մէջ մասնակցած է Սումգայիթի ջարդերու 32-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկին: Այս մասին կը յայտնէ ԱՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը:

Պաշտպանը իր խօսքին մէջ նշած է, որ Սումգայիթի ոճրագործութիւնը ատրպէյճանահայութեան հանդէպ իրականացուած ցեղասպանութեան միայն մէկ դրուագն էր:

«Սումգայիթի մէջ հայութիւնը ենթարկուեցաւ դաժան ջարդերու, որ ատրպէյճանական իշխանութիւններու պատասխանն էր Արցախեան շարժման: Սումգայիթէն ետք զանգուածային կոտորածներու շղթան շարունակուեցաւ Ատրպէյճանի այլ բնակավայրերու եւ Արցախի մէջ: Քանի մը տարուան ընթացքին սպաննուեցան հազարաւոր հայեր, հարիւրհազարաւորները լքեցին իրենց տուները եւ բազմաթիւ զրկանքներ կրեցին միայն ցեղական պատկանելիութեան պատճառով: Առ այսօր իրաւական ու քաղաքական պատշաճ գնահատական չէ տրուած միջազգային հանրութեան կողմէն, եւ Արցախի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ իր յանձնառութիւնը ատրպէյճանահայութեան ցեղասպանութեան հատուցման ու կազմակերպիչներուն պատասխանատւութեան ենթարկելու հարցով: Բոլորս կը  հասկնանք, որ նոյն վտանգը կը պահպանուի տարածաշրջանին մէջ, որուոն վառ ապացոյցը Ատրպէյճանի մէջ տիրող հայատեացութեան պետական քաղաքականութիւնն է, իսկ նոր յանցագործութիւններու կանխման երաշխիքը՝ հայոց ամուր պետականութիւնն ու զինուած ուժերը»,- ընդգծած է Արտակ Բեգլարեան:

Պաշտպանը, այնուհետեւ, մասնակցած է Սումգայիթի հայերու ջարդերու զոհերու յիշատակին նուիրուած Սուրբ պատարագին: