Բակօ Սահակեան «Քորոնա» Ժահրի Կանխարգիլման Աշխատանքներուն Նուիրուած Խորհրդակցութիւն Հրաւիրած է

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Փետրուար 27-ին, հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ նուիրուած հանրապետութեան մէջ «քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման ուղղուած աշխատանքներուն: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Զեկոյցներով հանդէս եկած են խորհրդակցութեան մասնակցող առողջապահութեան եւ միւս համապատասխան ոլորտներու ղեկավարները՝ անդրադառնալով հանրապետութեան մէջ վարակի տարածման կանխարգիլման նպատակով իրականացուող եւ նախատեսուող աշխատանքներուն:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է այս ուղղութեամբ բոլոր անհրաժեշտ քայլերու իրականացումը եւ յանձնարարականներ տուած շահագրգռուած մարմիններու պատասխանատուներուն:

Խորհրդակցութեան ընթացքին երկրի ղեկավարը անդրադարձած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի մեկնարկին:

Նախագահը ընդգծած է, որ այս ընտրութիւնները ունին չափազանց կարեւոր համապետական նշանակութիւն եւ, ինչպէս բոլոր անցեալ ընտրութիւնները, պէտք է ըլլան ժողովրդավարական, բաց ու թափանցիկ, օրէնքի տառին ու ոգիին համապատասխան, անցնին փոխադարձ յարգանքի եւ հանդուրժողականութեան մթնոլորտի մէջ: Բոլոր պետական մարմինները իրենց պատասխանատւութեան ծիրէն ներս պէտք է ապահովեն ընտրութիւններու պատշաճ մակարդակով իրականացումը:

Խորհրդակցութեան մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արշաւիր Ղարամեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: