
Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Պիտի Մեծարուի Հայ Դատի Ձեռնարկին Ընթացքին
Շաբաթ, 7 Մարտին, կ.ա. ժամը 11-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու բաժանմունքին տարեկան չորրորդ մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկը, որուն ընթացքին պիտի մեծարուին հանրային վարժարաններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը դասաւանդող շարք մը ուսուցիչներ: Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”։
Ձեռնարկը առիթ պիտի հանդիսանայ «Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ժառանգութիւն» մրցանակը յանձնելու հեղինակաւոր պատմաբան դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին։
«Հպարտ ենք, որ առիթը ունինք մեծարելու դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, որ առաջնորդող դերակատարութիւն ունի ոչ միայն Լոս Անճելըսի համայնքին մէջ, այլ աշխարհի տարածքին։ Կրթական մարզին անոր նուիրումը յատկանշական իրագործումներու առաջնորդած է հայոց պատմութեան ու մշակոյթի եւ յատկապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման մէջ», կը յայտնէ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Սեդա Անթեքէլեան։
Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Թուլեր քաղաքը ծնած եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի եւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղերուն մէջ մասնագիտացած փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան մօտաւորապէս 50 տարի դասաւանդած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, հանդիսանալով համալսարանին մէջ հաստատուած Հայ կրթական հիմնարկութեան Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի առաջին տնօրէնը (1987-2011): Այս պաշտօնէն հեռանալու անոր որոշումէն ետք, ամպիոնը կոչուեցաւ իր անունով: 1972ին ան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ առաջին անգամ ըլլալով դասաւանդեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու վկայութեան նուիրուած դասանիւթը եւ յառաջիկայ 40 տարիներուն առիթ հանդիսացաւ ի մի բերելու առաւել քան 1000 վերապրողներու վկայութիւնները, անոնց հետ կատարուած հարցազրոյցներու ճամբով։
Ան ստանձնած է համայնքային եւ կրթական շարք մը պատասխանատու պաշտօններ եւ հեղինակն է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած քառահատոր աշխատասիրութեան եւ շարք մը այլ հատորներու, ինչպէս նաեւ համալսարանին մէջ կազմակերպած է գիտաժողովներու շարք մը՝ նուիրուած պատմական Հայաստանի քաղաքներուն եւ նահանգներուն: Ան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ շքանշաններու, որոնց շարքին՝ Գարեգին Ա. եւ Բ. ու Արամ Ա. կաթողիկոսներէն, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններէն։ Հայ Դատի նշեալ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Պըրպենքի De Luxe սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 237 E. Olive Ave., Burbank, CA 91502։
Տեղեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան առիթներուն ծանօթանալու համար՝ այցելել www.ANCAWR.org/luncheon2020 կայքէջը կամ դիմել (818) 500-1918 թիւին։