Թուրքիոյ Մէջ Դանակագործներու Ընտանիքը Հայ Վարպետէն Սորված Գործը Կը Փոխանցէ Սերունդէ Սերունդ

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ Սինոփ քաղաքին մէջ բնակող Տիրիջաններու ընտանիքը սերունդէ սերունդ կը փոխանցէ եւ կը պահպանէ հայ վարպետէն սորված դանակ պատրաստելու արուեստը:

53 տարեկան Ճելիլ Տիրիջան արդէն շուրջ 45 տարիէ կը զբաղի դանակագործութեամբ: Ան այդ արհեստը սորված է իր պապէն, իսկ պապն ալ իր հերթին` հայ վարպետէ մը:

«1942-ին մեր ընտանիքին փեսան՝ Մուզաֆեր Հիւներթաշը, աշխատելու նպատակով Պոլիս մեկնած էր: Այնտեղ ան կ՛աշխատի հայ վարպետի մը մօտ: Աւելի ուշ պապս ու ընտանիքի այլ անդամներ ալ գացած են անոր քով: Մինչեւ 1959-ը այնտեղ դանակ սարքած են: 1959-ին պապս վերադարձած է Սինոփ, եւ այստեղ սկիզբ առած է դանակի արտադրութեան մեր պատմութիւնը”,-կը պատմէ վարպետը:

Ան նշած է, որ առաջ միայն Սինոփին բնորոշ դանակներ կը սարքէին, հիմա նաեւ երեւակայութիւն կը ներդնեն գործին մէջ, մեծ խոհարարական դանակներ, որսորդական դանակներ կ՛արտադրեն:

Ճելիլ Տիրիջանի` 20 քմ տարածք զբաղեցնող արհեստանոցը կը գտնուի անմիջապէս իր տան կողքը: Ան կը պատմէ, որ օրական առաւելագոյնը 5 դանակ կրնայ պատրաստել, իւրաքանչիւրը արժէ 25-էն 500 լիրա (4-էն 80 տոլար)` կախուած դանակի տեսակէն: