ՀՀ Վարչապետը Նախագահին Առաջարկած է 105-ամեայ Իտալահայուն ՀՀ Քաղաքացիութիւն Շնորհել

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախագահին առաջարկած է քաղաքացիութիւն շնորհել Հայաստան գտնուող 105-ամեայ իտալահայուն: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետը:

«Այսօր ստորագրած եմ շատ յիշարժան փաստաթուղթ. ՀՀ նախագահին առաջարկած եմ մեր հայրենակից 105-ամեայ Ն.Յ.-ին ՀՀ քաղաքացիութիւն շնորհել՝ իր դիմումին համաձայն: Ն.Յ.-ն ծնած է 1915-ին, Արեւմտեան Հայաստան, ներկայիս կը բնակի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ 105 տարեկանին փափաքած է ՀՀ քաղաքացիութիւն ընդունիլ՝ ունենալով Իտալիոյ քաղաքացիութիւն: Աշխարհի իւրաքանչիւր հայ պիտի ունենայ ՀՀ քաղաքացիութիւն։ Հայաստանի Հանրապետութեան հպա՛րտ քաղաքացի»,- նշած է վարչապետը:

Իտալիոյ քաղաքացի 105-ամեայ Նուրհան Պօղոս Ժոզէֆովիչը քանի մը ամիս է կ՝ապրի Հայաստանի մէջ: Որոշած է կեանքի մնացեալ հատուածը ոչ միայն Հայաստանի մէջ անցնել, այլեւ ստանալ ՀՀ քաղաքացիութիւն, կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Հայաստան եկած եմ առաջին անգամ: Ցաւօք, աշխատանքային տարիներս այնպէս դասաւորուեցան, որ չկրցայ այդ ընթացքին գալ Հայաստան: Ինչպէս կ՝ըսեն, երբեք ուշ չէ, մեծ սիրով եկած եմ եւ շատ ուրախ եմ, որ այստեղ եմ»,- ըսած է Նուրհան պապիկը:

Նուրհան Ժոզէֆովիչը ծնած է 1915-ին Թուրքիա: Սկիզբը ընտանիքով բնակած են Պոլսոյ մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուած են Անգարա: Հայրը առեւտրական էր, գլխարկագործ: Նիւթերը կը բերէր Իտալիայէն եւ կը կարէր գլխարկներ: Զաւակներուն լաւ կրթութիւն ստանալու համար ապահոված է ամէն հնարաւոր պայմանները: Նուրհան Ժոզէֆովիչը կրթութիւն ստացած է տեղի իտալական դպրոցին մէջ: Միշտ ուշադրութիւն գրաւած է առաջադիմութեամբ, եւ պատահական չէ, որ եղած է իտալացի մասնագէտներու ուշադրութեան կեդրոնին: Կրթութիւնը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ աշխատած է Թուրքիոյ մէջ Իտալիոյ դեսպանատան մէջ: Սկիզբը աշխատած է իբրեւ մշակոյթի գծով քարտուղար: Այդպէս սկսած է իր դիւանագիտական աշխատանքը: Յետագային Նուրհան Ժոզէֆովիչը աշխատած է դեսպանատան մէջ իբրեւ ռազմական ատաշէի երրորդ, այնուհետեւ երկրորդ քարտուղար, իսկ դիւանագիտական գործունէութիւնը աւարտած է առաջին քարտուղարի պաշտօնով:

Կենսաթոշակային տարիքին մեկնած է Իտալիա, ուր բնակած է որոշ ժամանակ: Եւ  ամիսներ առաջ տեղափոխուած է Հայաստան: Նուրհան պապիկը զաւակներ չունի, մայրն ու կինը մահացած են, եւ այժմ ան Հայաստանի մէջ կը բնակի քրոջ ու քրոջ տղու ընտանիքին հետ: