Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապին Եւ Յատկապէս Տնտեսական Հետեւանքներուն Վերաբերող Զեկուցական Հանդիպում Հայաշէնի Մէջ

Սփիւռք

ՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 14 փետրուարի երեկոյեան Հայաշէնի «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանը կլանած տագնապին եւ յատկապէս տնտեսական հետեւանքներուն մասին զեկուցական հանդիպում մը, որուն ընթացքին Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան ներկայացուց տագնապին տնտեսական բաժինը`  լուծման պատկերացումներ տալով: Այս մասին կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։

Հանդիպումին հիմնական նպատակն էր  համայնքին զաւակները տեղեակ պահել 17 հոկտեմբերին սկսած ժողովրդային շարժումին, ստեղծուած տագնապին ծալքերուն եւ մանրամասնութիւններուն մասին:

ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին անունով բացման խօսք արտասանեց Եղիկ Թաշճեան, որ նշեց տագնապը դիմակալելու համար գաղութին դիմագրաւած խնդիրներուն եւ հարցերուն որոշ լուծումներ բերելու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին տարած աշխատանքին կարեւորութիւնը եւ շեշտեց, որ լիբանանահայ գաղութը միացեալ շարքերով պիտի յաջողի տագնապը շրջանցել այս անգամ եւս: Ան լուսարձակի տակ առաւ ժողովուրդ-կուսակցութիւն եւ համակիր-ակումբ կապի ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, որ քաղաքական տագնապին վրայ ընդհանուր ակնարկ մը նետելէ ետք, առաւելաբար կեդրոնացաւ տնտեսական իրավիճակին վրայ եւ տարբեր մարզերու պարզած իրավիճակներուն մասին խօսելով` ներկայացուց տուեալ մարզին դիմագրաւած խնդիրներուն էութիւնը, լուսարձակի տակ առաւ տուն տուող պատճառները` առաջադրելով լուծման որոշ պատկերացումներ եւ հեռանկարային առաջարկներ:

Զեկուցումէն ետք երեսփոխան Թերզեանին ուղղուեցան հարցումներ, որոնց պատասխանելով` ան յաւելեալ բացատրութիւններ ու լուսաբանութիւններ տուաւ եւ առաւել յստակացուց ներկայացուած խնդիրին մասին իր պատկերացումները: