Սուրիոյ Խորհրդարանի Ճանաչումը. Պատմական Ենթահող Եւ Քաղաքական Պահ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

“Ազդակ”-ի խմբագրական

Սուրիոյ խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, բնականաբար, քաղաքական ժամանակահատուածի թելադրած տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ պէտք է ընկալել: Սակայն անհրաժեշտ է այս առիթով քանի մը կարեւոր հանգամանք լուսարձակի տակ առնել:

Սուրիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ ընդունիլը ոչ միայն պատմական իրադրութիւններու փաստերու վրայ հիմնուած է` այն իմաստով, որ տարագրութիւնն ու Ցեղասպանութիւնը իրականացուած են կարեւոր բաժիններով սուրիական տարածքներու վրայ, եւ թէ սուրիացի ժողովուրդը առաջինը եղած է Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուածներու տեղակայումները կազմակերպող:

Ճանաչումը ունի շատ աւելի անմիջական հեռաւորութեամբ պատմական մը: Առաջին քայլը կարելի է համարել 2014-ին Սուրիոյ նախագահին կատարած յայտարարութիւնը «Ա. Էֆ. Փէ.» լրատու գործակալութեան, երբ ան Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վայրագութիւնները համեմատեց Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1,5 միլիոն հայերու ոչնչացման հետ: Անկէ անմիջապէս ետք ՄԱԿ-ի մէջ նոյնանման արձագանգ կատարեց ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ դեսպանը: 2015-ին Սուրիոյ խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած յատուկ նիստով ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Կարեւոր հանգամանք մը եւս պէտք է յիշել այս առումով: Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Տէր Զօր կատարած այցելութեամբ` Տէր Զօր-Օշվից փոխադարձ համեմատութիւններ կատարելով, պարզ դարձուց, որ Երեւանը կը նախապատրաստուի Դամասկոսի հետ համատեղ 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն, ներառել Տէր Զօրի մէջ կայանալիք միջազգային հնչեղութիւն ունեցող ոգեկոչական իրադարձութեան մը: Յստակ էր, որ Երեւանի եւ Դամասկոսի վարիչները համաձայնած էին Տէր Զօրը վերածել ընդհանրապէս ցեղասպանութեան ոգեկոչման միջազգային կեդրոնի:

Ենթահողը ուրեմն, որ հարթուած էր հիմնականին մէջ տեղւոյն համայնքի տարբեր բաժանմունքներու կողմէ` տարուած լուսաբանման, իրազեկման բազմակողմ աշխատանքներով, կը համալրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան կողմէ, երբ նման մակարդակի վրայ Ցեղասպանութեան նահատակները ոգեկոչելու ազդանշանը կը տրուէր: Սուրիական պատերազմը պատճառ պիտի ըլար, որ Տէր Զօրի միջազգայնացման ծրագիրը չիրականացուէր: Իսկ նման ծրագիրի մը ազդարարումը հաւանաբար նաեւ իր հերթին, պատճառ ըլլար յուշակոթողի եւ եկեղեցւոյ ռմբահարման, պայթեցման:

Քաղաքական այս յայտարարութիւնները կը նախանշէին, որ ճանաչման-դատապարտման բանաձեւը առկայ է եւ պատրաստ` քուէարկուելու: Յայտարարութիւններու եւ շեշտադրումներու միտումները բնականաբար կապուած են Դամասկոս-Անգարա յարաբերութիւններու հետզհետէ լարման ընթացքին հետ: Այդ նախադրեալները կ՛երեւէին նոյնիսկ Տէր Զօրի միջազգայնացումը առաջադրող յայտարարութեան օրերուն, երբ Դամասկոս -Անգարա բացառիկ մերձեցման յարաբերութիւններու պատկերը կը սկսէր աղօտիլ, հետզհետէ տեղի տալով թշնամական դիրքերէ իրարու հետ խօսակցող պետութիւններու համապատասխան հռետորութեան ծաւալման:

Անկէ ետք արդէն պատերազմ է եւ պատերազմի մէջ բոլորովին հակոտնեայ դիրքերու վրայ կը գտնուին Անգարան եւ Դամասկոսը: Անգարան ոչ միայն կը սատարէ սուրիական ազատ բանակին, այլ ուղղակի կը հովանաւորէ, կը ֆինանսաւորէ եւ կ՛աջակցի սուրիական պաշտօնական բանակին դէմ անհաշտ եւ անտեղիտալի պատերազմ յայտարարած ահաբեկչական խմբաւորումներուն:

Դամասկոսի հետ տրամագծօրէն հակադրուած այս դիրքերէն որոշ տեղաշարժեր կը կատարէ Անգարան` մերթ ընդ մերթ: Այդ տեղաշարժերը կը բացատրուին ռուսական գործօնին հետ: Անգարա- Մոսկուա մերձեցումը ուղղակի թէ անուղղակի կ՛ազդէ Մոսկուայի գործընկեր Դամասկոսի հետ Անգարայի յարաբերութիւններուն վրայ եւ Մոսկուան քաղաքական ըմբռնումով` զսպումի դեր կ՛ունենայ այս ուղղութեամբ:

Մոսկուա-Անգարա ռազմավարական գործընկերութիւնը սակայն ունէր կարճաժամկէտ դրուածք: Երկուքին` Միացեալ Նահանգներուն հետ ունեցած յարաբերակցութեան ելեւէջները տարածաշրջանին մէջ առանցքային գիծ ստեղծելու համատեղ մօտեցումներով յանգած էին զինուորաքաղաքական գործողութիւններ համակարգելու անհրաժեշտութեան: Ամերիկեան ուժերու մասնակի հեռացումը Սուրիայէն, Անգարայի փայփայած անվտանգութեան գօտիներու ձեւաւորման ծրագիրի չիրականացումը, քրտական գործօնի խաղաթուղթը ընդմիշտ չկորսնցնելու շահարկումները եւ վերջապէս Իտլիպի ուղղութեամբ ռուս-սուրիական ուժերու վճռական քայլերու դիմելը այսօր արդէն գործնապէս խախտած են ռուս- թրքական մերձեցման համաձայնութիւնները: Ինչպէս զինուորական, այնպէս նաեւ քաղաքական վճռորոշ քայլեր առնելու ռուսական կանաչ լոյս ստացած է Դամասկոսը:

Համայնքի տարիներու հետեւողական աշխատանքին, պատմական փաստերուն եւ Սուրիոյ աշխարհագրական միջավայրի ու վերապրողներու փրկութեան աշխատանքներուն առաջինը մասնակցած ըլլալու փաստը, տակաւին, պետական յայտարարութիւնները` Ցեղասպանութեան նշումներով եւ ոգեկոչական որոշումներով, ինչպէս նաեւ Տէր Զօրի միջազգայնացման ուղղութեամբ Երեւան-Դամասկոս համաձայնութիւնները հանգամանքային տուեալներ են` իբրեւ նախադրեալ խորհրդարանի որոշումին: Իսկ պահուան ընտրութիւնը անպայման կապ ունի Անգարայի նկատմամբ Դամասկոսի ունեցած այսօրուան յարաբերութիւններու իրավիճակին հետ: Ոչ միայն Դամասկոսի, այլ նաեւ Մոսկուայի: