Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Հանդիսաւորապէս Նշուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմէն Ներս (լուսանկարներ)

Սփիւռք

Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս յիշատակուեցաւ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Գանձասար»-ը։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Տեառնընդառաջի նախատօնակը հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հոծ բարեպաշտներու ներկայութեամբ:

Երգուեցան Քրիստոսի տաճար ընծայումը նկարագրող շարականներ, որուն ընթացքին Առաջնորդը եկեղեցւոյ մէջ շրջելով օրհնեց հաւատացեալներն ու երեխաները: Ապա տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն:

Սրբազան Հայրը փոխանցելով իր պատգամը, պարզաբանեց Տեառնընդառաջի եկեղեցական նշանակութիւնը յայտնելով, որ մարդկութիւնը Փրկիչը կը սպասէր եւ Աստուած իր փառքը բացայայտնեց անոնց՝ տաճարին մէջ Յիսուս Մանուկի այցելութեամբ: Աւելի ուշ Քրիստոսի չարչարանքին, մահուան եւ յարութեան ընդմէջէն այդ փառքը անգամ մը եւս յայտնուեցաւ: Աստուած ընտրեց պարզ մարդիկը եւ անոնց միջոցով իրականացուց փրկութեան ծրագիրը, որուն օրինակելի տիպարն է Սուրբ Կոյս Մարիամը:

Սրբազան Հայրը աւելցնելով ըսաւ. «Այսօր այն օրն է, երբ Արարիչը իր բնակարանը եւ ժողովուրդին այցելեց եւ ինքզինք արժանի դարձուց բոլոր անոնց, որոնք հնազանդ էին Աստուծոյ կամքին եւ կը սպասէին Փրկիչի գալուստին, ինչպէս՝ Սիմէոն Ծերունին եւ Աննա Մարգարէուհին: Քրիստոսի տաճար ընծայման օրն էր, որ Աստուած մարգարէին ճամբով բացայայտեց, թէ Մարիամ Աստուածածին ցաւակից ըլլալով մասնակից պիտի դառնայ փրկութեան ծրագիրին»:

Տէր Մասիս Եպս. կարեւորելով ազգային-եկեղեցական մեր արժէքներու պահպանումը, հրաւիրեց հաւատացեալները, որ Քրիստոսի լոյսով համակեն իրենց սրտերն ու հոգիները:

Տեառնընդառաջի տօնին առիթով Սրբազան Հայրը երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիական Հայրենիքին, որուն հողերուն վրայ հպարտօրէն կ’ապրինք, պահպանելով մեր ազգային-եկեղեցական տօները, հայկական արժէքներն ու սրբութիւնները եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս օրուան մէջ Սուրիոյ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը:

Այնուհետեւ, Սուրբ Խորանի կանթեղին լոյսով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը լուսաւորեց հաւատացեալներուն մոմերը, ապա հանդիսաւոր թափորով ուղղուեցաւ դէպի Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ.Վարժարանի բակը, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական խարոյկի հրավառութիւն, որուն ընթացքին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը, դպրապետ տոքթ. Սարգիս Իսկէնեանի առաջնորդութեամբ մատուցեց «Ուրախ լեր»ը, «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ «Ի Վեհ Բարձանց» հայրապետական մաղթանքը: Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ ներկաներուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան Օրհներգի միասնական երգեցողութեամբ:

Տեառնընդառաջի աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալները իրենց նորածին երեխաները ընծայաբերեցին Սուրբ Խորանին, ստանալու աստուածային օրհնութիւնները: Անոնք Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող ճրագը իրենց տուները տանելով օրհնեցին նաեւ իրենց օճախները: