Նոր Ջուղայի ՀԿԳ Միութեան Նախաձեռնութեամբ՝ Օժանդակութիւն Ջրհեղեղէն Տուժած Հայրենակիցներուն

Սփիւռք

Իրանի հարաւային շրջաններուն մէջ, մասնաւորապէս Սիստան եւ Բալուչիստան նահանգներուն, ջրհեղեղէն տուժած հայրենակիցներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով՝ Նոր Ջուղայի Հայ Կանանց Գթութեան միութեան նախաձեռնութեամբ մարդասիրական օգնութեան կապոցներ առաքուեցան աղէտի գօտի, Կիրակի 9 Փետրւարին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ալիք»-ը։

Կապոցները կը պարունակէին՝ ուտեստեղէն, տաք հագուստ, հանքային ջուր եւ մաքրութեան պարագաներ, որոնք հայթայթուած են Կանանց Գթութեան միութեան միջոցներով, ինչպէս նաեւ Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան ու համայնքի բարերար ժողովուրդի նիւթական ու իրեղէն նուիրատւութիւններով։

Փաթեթները աղէտի գօտի առաքուեցան «Բարեկեցութիւն» կազմակերպութեան Սպահանի գերատեսչութեան միջոցով։