Արցախի Մէջ Նոր Բնակարաններու Յատկացման Համար Նկատի Առնուած է 5 եւ աւելի Զաւակ Ունեցող 449 Ընտանիք

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան աշխատանքի, ընկերային հարցերու եւ վերաբնակեցման նախարար Սամուէլ Աւանէսեան Փետրուար 11-ին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Արցախի մէջ նոր բնակելի տան համար նկատի առնուած է 5 եւ աւելի զաւակ ունեցող 449 ընտանիք: Նախարարին համաձայն, աշխատանքը շարունակակական է:

Նախարարը աւելցուցած է, որ 2020-ին ընկերային պաշտպանութեան եւ վերաբնակեցման ոլորտէն ներս առաջնահերթութիւններ պիտի տրուին քաղաքացիներու ընկերային իրաւունքի լիարժէք եւ ամբողջական իւրացման, ընկերային արդարութեան պահպանման, իրականացուող ծրագիրներու ու մատուցուող ծառայութիւններու որակի, արդիւնաւէտութեան եւ հասցէականութեան բարձրացման, ժողովրդագրական վիճակի բարելաւման, բնակչութեան կայուն եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի ապահովման, արժանապատիւ աշխատանքի պայմաններու ստեղծման, վերաբնակեցման գործընթացի աշխուժացման ու ոլորտէն ներս ընկերային երաշխիքներու համակարգի զարգացման ու ընդլայնման հարցերուն:

Նախարարը դիտել տուած է, որ ժողովրդագրութեան բնագաւառէն ներս ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման եւ անոր քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններուն շուրջ հանրային իրազեկման նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին:

Անոր համաձայն, պիտի շարունակուի գիւղական եւ քաղաքային բնակավայրերու մէջ երիտասարդ ընտանիքներուն բնակելի տուներ կառուցելու նպատակով անհատոյց պետական տնտեսական աջակցութեան տրամադրումը: