Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան Շրջանակը Պատրաստ Է Աջակցելու Արցախին Առնչուող Գործնական Ծրագրերուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակի անդամները կ՝ողջունեն գործնական ծրագրեր իրականացնելու մասին Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի առաջարկը եւ մտադիր են կապ հաստատելու շահագրգիռ նախարարութիւններու հետ՝ ուսումնասիրելու անոնց իրականացման պայմանները: Այս մասին կը յայտնեն Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակէն:

Յունուար 29-ին, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը ելոյթ ունեցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) ամենամեայ ընթրիքին։ Երկրորդ տարին է, որ Էմանուէլ Մաքրոն կը մասնակցի ամենամեայ այս ձեռնարկին, ինչպէս իր նախորդները:

Պատասխանելով Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի երկու համանախագահներու՝ Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի հարցերուն՝ Հանրապետութեան նախագահը յայտարարած է, որ «մարդկային արժանապատւութիւնն ու համերաշխութիւնը անբաժանելի են», այնուհետեւ անդրադարձած է Արցախի ինքնորոշուած Հանրապետութեան շուրջ իրավիճակին: Յիշեցնելով Ֆրանսայի՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկրի պատասխանատւութիւնը՝ Էմանուէլ Մաքրոն նշած է, որ Փարիզը «նախապատւութիւնը պիտի տայ ժողովուրդներուն ի սպաս գործող իրաւունքին»:

«Նախեւառաջ, կ՝ուզեմ երախտագիտութիւնս յայտնել Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներուն՝ նախագահ Մաքրոնին արցախցիներու սպասելիքները Ֆրանսայէն՝ մեր Հանրապետութենէն, զոր անոնք կը համարեն հեղինակաւոր երկիր, որ հանդէս կու գայ իբրեւ ժողովուրդներու պաշտպան եւ  մարդու իրաւունքներու հիմնարար հարցերու պարագային՝ անզիջում երկիր»,- նշած է Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Կի Դեսիէն։

Հանրապետութեան նախագահը մանրամասն անդրադարձած է նաեւ Ֆրանսայի եւ Արցախի քաղաքներու միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան հռչակագրերուն, որոնց մեծ մասը չեղարկուած է վարչական դատարաններուն կողմէ՝ նախարարութիւններու հրահանգով գործող նախընտրելի կէտերու հայցով:

Կամենալով հանդարտեցնել իրավիճակը՝ Հանրապետութեան նախագահը ընդունած է, որ «օրէնքի կիրառումը չի բացառեր երկխօսութիւնը» եւ յայտարարած, որ այսուհետեւ կը կամենայ «առաջ շարժիլ իրատեսական եւ արդիւնաւէտ ճանապարհով»:

Այս առիթով՝ Էմանուէլ Մաքրոնը յոյս յայտնած է, որ «ուղղակի երկխօսութիւն պիտի հաստատուի մէկ կողմէն Ֆրանսայի Արտաքին գործոց եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն, միւս կողմէն՝ նման մտադրութիւն ունեցող տեղական իշխանութիւններուն միջեւ, որպէսզի մենք այս հարցով դադրինք ընդդիմանալէ մէկս միւսին եւ կարենանք աւելի արդիւնաւէտ միջոցներ գտնել»:

Մանրամասնելով իր գաղափարը՝ նախագահը առաջարկած է՝ «աշխատանքային խումբի ծիրէն ներս քննարկենք, որպէսզի այն տեղական իշխանութիւնները, որոնք կ՝ուզեն օժանդակութիւն ցուցաբերել (Արցախի) բնակչութեան, կարենան ընդունիլ արդիւնաւէտ եւ իրաւական առումով համապատասխան որոշումներ: Եթէ նպատակը մշակութային կամ մարդասիրական օժանդակութիւնն է, մենք պիտի գտնենք զանոնք իրականանալի դարձնելու իրաւական շրջանակը»:

Բարեկամութեան շրջանակը գոհունակութեամբ կ՝ընդունի նախագահի դիրքորոշման նման առաջընթացը եւ պիտի հետեւի որպէսզի անիկա իրագործուի: «Նպատակս նոյնինքն Արցախի հետ կրթական եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ զարգացման իրական ծրագրերու իրականացումն է»,- նշած է շրջանակի անդամ, Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքի քաղաքապետ Փասգալ Տոլը, որուն կողմէ ստորագրուած Բարեկամութեան հռչակագիրը չեղարկուած է վարչական դատարանին կողմէ: «Մօտակայ շաբաթներուն ընթացքին շրջանակի բազմաթիւ անդամներ եւ ես կապ պիտի հաստատենք Ներքին գործոց նախարարութեան հետ՝ ուսումնասիրելու, թէ ինչպէս կարելի է գործնականօրէն նման համագործակցութիւն իրականացնել՝ յարգելով օրէնքի գերակայութիւնը եւ Հանրապետութեան արժէքները»,- ընդգծած է Առնուվիլի քաղաքապետը:

Բարեկամութեան շրջանակը պատրաստ է խթանելու Արցախի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հետ հաստատուած համագործակցութիւնը՝ հետեւելով նախագահական վերջին այս նախաձեռնութեան, եւ զարգացնելու Ֆրանսայի ու Արցախի միջեւ կառուցողական յարաբերութիւնները: