Հայ Իրաւապաշտպանը Թուրքիոյ Մէջ Ոստիկանութեան Բաժին Տարուած է

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւններու քննադատութեամբ յայտնի հայ իրաւապաշտպան Արլէթ Նաթալի Աւազեան Twitter-ի իր էջով յայտնած է, որ ոստիկանները զինք ոստիկանատուն տարած են: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Աւազեանը գրած է, որ թուրք ոստիկանները նաեւ ներխուժած են իր եղբօր բնակարան եւ այնտեղ զինք փնտռած:

Ան նաեւ նշած է, որ  վերջին երկու օրը ճնշումը բարձրացած է,  եւ եթէ իր առողջականի հետ կապուած խնդիրներ ծագին (օրինակ` մահ, քիթէն արիւնահոսութիւն)՝ ատոնց պատասխանատուն Թուրքիոյ գործող կառավարութիւնն է:

Իրաւապաշտպանը գրած է, թէ ինչ պատճառ կրնայ ըլլալ իր ոստիկանատուն տարուելուն համար:

«Մայրս Ատանայէն է, հայրս` Մալաթիայէն: Քանի որ ես բարձրաձայնած եմ ասոր մասին, ինծի հանդէպ հետաքննութիւն սկսած են»:

Յիշեցնենք, որ ասիկա Աւազեանի ոստիկանատուն տարուելուն առաջին դէպքը չի: 2019 Հոկտեմբերին Աւազեանը կալանաւորուած էր իր տան մէջ կատարուած խուզարկութենէն ետք։ Կանչուած էր հարցաքննութեան, որպէսզի ցուցմունք տար «ահաբեկիչներու» հետ իր ենթադրեալ կապին մասին։

Աւազեան յայտնած էր, որ իրեն հեռաձայնած են ոստիկանութենէն, եւ ինքը իր Twitter-ի հետ կապուած բացատրութիւններ պիտի տայ։

Իրաւապաշտպանը 2019 Հոկտեմբերին Twitter-ի մէջ գրած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի մասին։ Ան տեղադրած էր արտաքին գործոց նախարարի ընտանիքի 1998-ի լուսանկարը եւ գրած․ «Անոնք Անթալիոյ հարաւային շրջանին մէջ յայտնի եղած են իբրեւ «քրտական գողեր»»։

Նշենք, որ Արլէթ Նաթալի Աւազեանին Twitter-ով կը հետեւի 135,000 օգտատէր: Անոր կատարած գրութիւններուն թիւը կ՝անցնի 193,000-ը: