Արցախի Մէջ Երկու Զինուոր Զոհուած է

Հայաստան

Արցախի մէջ երկու զինուոր նահատակուած է: Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախ յայտնած է մէկ զինծառայողի զոհուելու մասին, ապա տրամադրած է նաեւ երկրորդ մահացած զինծառայողին տուեալները:

«Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ Փետրուար 12-ին` մօտ ժամը 11:30-ին, դեռեւս չպարզուած հանգամանքներու մէջ, մահացու հրազէնային վէրք ստացած է ՊԲ զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Տիգրան Մանուէլի Մանուէլեանը:

Երկրորդ հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի․ «Փետրուար 12-ին` մօտ ժամը 13:00-ին, ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռեւս չպարզուած հանգամանքներու մէջ, մահացու հրազէնային վէրք ստացած է ՊԲ զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Տիգրան Յուսիկի Մխոյեանը”։

 Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Դէպքերուն առնրուչթեամբ կը կատարուի քննութիւն: