«Miss Boston» Մրցոյթին Յաղթած է Քրիստինա Այանեանը

Սփիւռք

Պոսթընի մէջ տեղի ունեցած «Miss Boston» ամենամեայ գեղեցկութեան մրցոյթին յաղթած է Քրիստինա Այանեանը: Ան ծնած է Միացեալ Նահանգներ, գեղեցկութեան մրցոյթներու կը մասնակցի եօթը տարեկանէն: Տասը տարեկանին  Քրիստինան ճանչցուած է Miss Boston մանկապատանեկան մրցոյթի յաղթող, իսկ 2013-ին ստացa] է Mասաչուսեթս նահանգի «Miss Masachusetts teen-2013» մրցոյթի գլխաւոր թագը:

Քրիստինա Այանեան կը տիրապետէ հայերէն լեզուին, յաճախ կ՛այցելէ Հայաստան, ներգրաւուած է համայնքային կեանքին մէջ, աշխատած է ABC հեռուստաընկերութեան մէջ` լուսաբանելով Emmy մրցանակաբաշխութիւնը: Այժմ կը թղթակցի The Armenian Weekly-ին: