Երեւանի Մէջ Գոհար Գասպարեանի Անունով Փողոց Անուանակոչուեցաւ

Այլեւայլ, Հայաստան

Երեւան քաղաքի Կեդրոն վարչական շրջանի Լէոնիդ Ազգալդեան փողոցէն մինչեւ Կասկադ համալիր երկարող ճանապարհահատուածը` Վերին Անտառային, 19ա հասցէէն մինչեւ Վերին Անտառային 122 հասցէ, կ’անուանակոչուի յայտնի երգչուհի Գոհար Գասպարեանի անունով:

Այս մասին Երեւան քաղաքի աւագանին որոշում կայացուց Փետրուար 11-ին տեղի ունեցած նիստի ժամանակ։