Արցախի Մէջ 2019-ին 1994 Երեխայ Ծնած է

Այլեւայլ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան բուժհաստատութիւններուն մէջ 2019-ի ընթացքին ծնած է 1994 երեխայ, որոնցմէ 1015-ը տղայ, 979-ը՝ աղջիկ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն:

Ստեփանակերտի Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնին մէջ ծնած է 1698 երեխայ: Շրջաններէն՝ առաւելագոյն ծնունդները արձանագրուած է Մարտակերտի մէջ՝ 159 երեխայ, այնուհետեւ՝ Մարտունիի՝ 88, Հադրութի՝ 36, Շահումեանի՝ 9 եւ Քաշաթաղի՝ 4:

Պէտք է նշել, որ Արցախէն ՀՀ բուժհաստատութիւններու մէջ ծնած է 81 երեխայ:

ԱՀ-ի մէջ ընդհանուր ծնելիութիւնը տարուան ընթացքին կազմած է 2073 երեխայ, որոնց 1058-ը՝ տղայ, 1015-ը՝ աղջիկ: Ընդհանուր ծնունդներէն 31-ը զոյգ են:

ԱՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը հետեւողական աշխատանքներ կ՝իրականացնէ պետական ու բարեգործական միջոցներով բուժհաստատութիւններու շէնքային պայմաններու բարելաւման եւ սարքերու արդիականացման ուղղութեամբ: 2019-ին բարեգործական հիմունքներով վերանորոգուած ու բժշկական ժամանակակից սարքերով համալրուած է Հադրութի շրջանային բուժմիաւորման ծննդաբերական բաժանմունքը։ Պետական միջոցներով վերանորոգուած է Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնի մանկաբարձական բաժանմունքի ծննդաբերական բաժինը, յետծննդաբերական հիւանդասենեակները, նորածնային բաժանմունքը եւ համալրուած համապատասխան գոյքով։ 2019 Դեկտեմբերին շահագործման յանձնուած է Քաշաթաղի շրջանային բուժմիաւորման նորակառոյց շէնքը, ուր կը գործէ բժշկական ժամանակակից սարքերով յագեցած ծննդաբերական բաժանմունք: