Մեր Պարտքը Թող Ըլլայ Կարպիս Զաքարեանի Անունով Մարզական Դահլիճ Բանալը. Կարօ Փայլան

Սփիւռք

Կարօ Փայլան ցաւակցութիւն յայտնած է Թուրքիոյ առաջին արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Կարպիս Զաքարեանի մահուան հետ կապուած:

Կարօ Փայլան Twitter–ի իր էջին վրայ գրած է. «Կորսնցուցինք «երկաթէ բռունցք» մականունով Կարպիս Զաքարեանը:  Կարպիս ախպարիկը մեր երկրի համար բազմաթիւ միջազգային մրցանակներու արժանացած է: Իր հայ ըլլալուն պատճառով նաեւ ենթարկուած է խտրականութեան: Մեր պարտքը թող ըլլայ իր անունով մարզական դահլիճ կառուցելը”:

Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ 90 տարեկանին մահացած է հայ բռնցքամարտիկ Կարպիս Զաքարեանը: