Մահացած է Թուրքիոյ 1-ին Արհեստավարժ Բռնցքամարտիկ Կարպիս Զաքարեանը

Սփիւռք

90 տարեկանին մահացած է Թուրքիոյ 1-ին արհեստավարժ բռնցքամարտիկ, «Երկաթէ բռունցք» մականունով յայտնի Կարպիս Զաքարեանը:

1930-ին ծնած Զաքարեան բռնցքամարտիկի ասպարէզը տեւած է 22 տարի: Ան այդ ընթացքին ունեցած է 200 սիրողական եւ 51 արհեստավարժ մենամարտ: Զաքարեան Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ ախոյեան դառնալէ ետք 1964-ին դարձած է Մերձաւոր Արեւելքի ախոյեան: 1966-ին բռնցքամարտիկի ասպարէզը աւարտած է եւ նոյն տարին սկսած է մարզիչի գործունէութիւն ծաւալելու:

Ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի՝ Յունուար 25-ի երեկոյեան մահացած Զաքարեանի հոգեհանգիստի արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ Պոլսոյ 3 խորան հայկական եկեղեցւոյ մէջ Յունուար 29-ին, ժամը 13-ին, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը կը յուղարկաւորուի Շիշլի թաղամասի հայկական գերեզմանատունը: