Պոլսոյ Մէջ Հայ եւ Թուրք Լուսանկարիչներու Աշխատանքներու Ցուցահանդէս Պիտի Բացուի

Աշխարհ, Հայաստան

Պոլսոյ մէջ Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն 10-ական լուսանկարիչներու աշխատանքներէն կազմուած ցուցահանդէս պիտի բացուի: Պոլսոյ «UNIQ Gallery» ցուցասրահին մէջ «BridgingStories II» (Կամուրջներ կառուցող պատմութիւններ) խորագիրով իրականացուելիք ցուցահանդէսը պիտի բացուի այսօր, Յունուար 29-ին, եւ պիտի տեւէ մինչեւ Փերտուար 7:

«Ակօս»-ի թերթի տեղեկութիւններով՝ լուսանկարները պիտի շեշտադրեն խաղաղութիւնը եւ յոյսը երկու ժողովուրդներուն միջեւ:

«BridgingStories II»-ի հայաստանեան ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած էր 2019 Օգոստոսին, Դիլիջանի մէջ:

Կը նշուի, որ այս նախագիծի 1-ին մասը (BridgingStories) տեղի ունեցած է 2016-2017-ին Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանատան աջակցութեամբ: Նախորդ ցուցահանդէսը համակարգած են Հայաստանը եւ Թուրքիան ներկայացնող լուսանկարիչներ Անուշ Բաբաջանեանի ու Սապիհա Չիմենի կողմէ: