«Հայարտուն» Կեդրոնը Բերդաւանի Մէջ Մասնակցեցաւ Հայոց Բանակի Օրուան Տօնակատարութեան

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ Տաւուշի մարզի Բերդաւան սահմանամերձ գիւղի մշակոյթի պալատին մէջ,  Յունուար 26-ին, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Հայոց բանակի 28-րդ տարեդարձը: Համերգին ներկայ էին նաեւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան եւ Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան: Տօնակատարութեան կը մասնակցէր Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնը իր գեղարուեստական խումբերով: Այս մասին կը հաղորդէ Armenianchurch.ge-ը։

Հայ զինուորին՝ տօնական օրուան առիթով՝ շնորհաւորանքի խօսք ըսաւ Վիրահայոց թեմի պատուիրակութեան ղեկավար, Թեմի երիտասարդական բաժնի տնօրէն արժանապատիւ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեան: Հոգեւոր հայրը փոխանցեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ հոգեշնորհ Տէր Կիրակոս վարդապետ Մարուքեանի օրհնութիւնը եւ շնորհաւորանքները հայրենիքի սահմանները աչալուրջ պահպանող հայ զինուորին: Տէր Տաթեւ անդրադարձաւ սահմանային գիծէն ընդամէնը 500 մեթր հեռաւորութեամբ գտնուող Բերդաւան գիւղին, անոր հերոսական ժողովուրդին, որ ոչ միայն արիաբար կը պաշտպանէ հայրենիքի սահմանները, այլեւ կ՝ոգեկոչէ հերոսական պատմութիւնը, հայրենասիրական մշակոյթը, կը տօնէ հայ զինուորի փառապանծ յաղթանակները: Տէր Տաթեւ սահմանապահ զօրամասին իբրեւ տօնական նուէր փոխանցեց Սրբապատկեր՝ զօրամասի բոլոր զինուորներուն անփորձանք ծառայութեան եւ իրենց ընտանիքներ բարի վերադարձի հայրական մաղթանքով:

Բերդաւանի եւ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Տարօն» պարախումբի մենակատար Այտա Բազոյեանի, տուտուկի եւ դհոլի սաներու եւ անոնց ուսուցիչներ Իվանէ Մկրտչեանի եւ Ռոպերթ Գաշաւանիձէի կատարմամբ մշակոյթի տան կամարներուն ներքոյ տարածուեցան ուրախ երգը, պարը, արտասանութիւնը՝ մթնոլորտը յագեցնելով հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան, պետականութեան ու հաւատքի անսասանութեան վեհ զգացմունքներով:

Ձեռնարկի աւարտին՝ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքով արժեւորեց Հայոց բանակի տօնին նուիրուած գեղեցիկ տօնակատարութիւնը, կազմակերպիչները, մասնակիցներն ու հիւրերու ելոյթները, Հայոց բանակի 28-րդ տարեդարձին առիթով շնորհաւորեց եւ բարի ծառայութիւն մաղթեց բոլոր զինուորականներուն:

Տօնակատարութիւն աւարտեցաւ Դաւիթ Ամալեանի եւ Արսէն Գրիգորեանի (Մրօ) կատարումներով եւ խրոխտ շուրջպարով, որ դարձաւ ժողովուրդի միասնութեան, իրարու թիկունք կանգնելու եւ անսասան մնալու արտայայտութիւն:

83977932 2741357829314345 8490900956915957760 O

83022707 2741357835981011 5744327537866047488 O

 

Աղբյուր` armenianchurch.ge