ՀՅԴ Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Կազմակերպած Դասընթացքին Կը Մասնակցի 50 Երիտասարդ

Հայաստան, Սփիւռք

Այս շաբաթավերջին, Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ Դատի խտացեալ եռօրեայ դասընթացք, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին: Ցարդ արձանագրուած են Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ աւելի քան 50 երիտասարդներ:

Սեմինարի աւարտին մամուլով պիտի հրապարակուի մանրամասն զեկոյց` արծարծուած քննարկումներուն մասին։ Բանախօսութիւններով հանդէս պիտի գան ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի և քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար եւ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, Ուաշինկթընի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Գասպար Կարապետեան եւ այլ հրաւիրեալ բանախօսներ։