Բանակը Մեր Ժողովուրդին Պատիւն է, Պաշտպանն է, Արժանապատւութիւնն է, Կամքն ու Յոյսն է. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր հայոց բանակին 28-րդ տարեդարձն է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով ջերմօրէն կ՚ողջունենք հայոց արի բանակը:

Բանակի օրը հայութեա՛ն օրն է, իւրաքանչիւր հայո՛ւն օրն է: Բանակը մեր ժողովուրդին պատիւն է, պաշտպանն է, արժանապատւութիւնն է, կամքն ու յոյսն է:

Այս գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդը պէտք է իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնէ հայոց բանակին: Հայ եկեղեցին, ինչպէս անցեալին, այսօր եւ միշտ հայրենիքին ու պետութեան եւ զանոնք պաշտպանող հայոց բանակին հետն է:

Կ՚աղօթեմ առ բարձրեալն Աստուած, որ ամուր ու ապահով պահէ մեր սիրելի բանակը՝ հեռու ամէն տեսակ չարերէ եւ չարիքներէ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս