Սփիւռք-Հայաստան Յարաբերութիւններու (Թաւշեայ) Մթնշաղին-Գ․

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ինչպէս կարելի է հետեւցնել, սփիւռքի նախարարութեան լուծարման խորհրդանշական կարեւորութիւնը ընդհանրապէս կը գնահատուի անկախ պետութեան մէջ նման կառոյցի մը ենթադրած հիմնական դերակատարութեան` Հայաստան-սփիւռք մերձեցման ընդմէջէն: Կը մնայ, որ սփիւռքի նախարարութիւնը ամբողջ խորհրդանիշ մըն էր նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ սփիւռքը որպէս գոյավիճակ ընդունելու իմաստով: Առ այդ, գիտակցելով հանդերձ սփիւռքի ռազմավարական կարողականութեան մեծ նշանակութեան, ընդունելով հանդերձ հայրենադարձութեան կամ հայահաւաքի շեշտադրումը ազգային օրակարգի վրայ, սփիւռքի նախարարութիւնը նաեւ առանձնաբար կարելի է մեկնաբանել որպէս գիտակցումը արեւմտահայ Զարթօնքով ընթացք առած ամբողջ մշակոյթի մը եթէ ոչ քաղաքակրթութեան, որ Ցեղասպանութենէն, պատմական հողերու կորուստէն եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք վերապրեցաւ, պահպանուեցաւ եւ զարգացաւ սփիւռքի մէջ: Եւ որքան ալ որ այդ սփիւռքը չըլլայ միատարր, ըլլայ «բազմաշերտ», գործածելու համար Փաշինեանի շատ սիրած բառերէն մէկը, այնուամենայնիւ իր հաստատութիւններով եւ իր պատումով ինքնութիւն է եւ ինքնուրոյն գոյավիճակ: Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները սահմանելով տարբեր նախարարութիւններու միջոցաւ իրականացուող «գործառոյթներ»-ու, վարչապետ Փաշինեան, գոնէ փետրուարեան իր այդ ելոյթով, անտեսեց սփիւռքի գոյավիճակը որպէս արեւմտահայութիւն: Թէ այսօր արտերկրի հայութեան մաս կազմեն, թերեւս որոշ տեղեր նաեւ մեծաթիւ կամ քանակականօրէն գերակայ ըլլան ընկերա-տնտեսական պատճառներով Հայաստանէն արտագաղթողները, որոնց առանց շատ մտածելու եւ յաւուր պատշաճի կը կոչենք «նոր սփիւռք», թէ իմքայլական կառավարութիւնը արդարօրէն նախ եւ առաջ զանոնք թիրախաւորէ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու իր նոր քաղաքականութեան մէջ: Ինչպէս բացայայտ դարձաւ ոչ միայն գլխաւոր յանձնակատարի եւ իրեն հետ աշխատող բարձր պաշտօնեաներու հրապարակային յայտարարութեանց եւ հարցազրոյցներու ընդմէջէն, այլ նաեւ վարչապետին յատուկ արտերկրի համայնքներու հետ հանդիպման համար կազմակերպուած երկու այցելութիւններով` Ռուսիա եւ Քալիֆորնիա: Ռազմավարականօրէն մինչեւ իսկ թերեւս ճիշդ ըլլայ այս թիրախաւորումը, եթէ նպատակը հայրենադարձութիւնն է ու ներդրումները: Կ՛անտեսէ, սակայն, միւսը` սփիւռքը, «աւանդական»-ը, ինչպէս կը պարզացուի արեւմտահայ քաղաքակրթութեան մէկ ու միակ տէր հայ ժողովուրդի հատուածին սահմանումը, Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ մինչեւ 1964, սփիւռքի հետ Մշակութային կապի կոմիտէի ստեղծում, համայնավար ամբողջատիրութեան որոշումով հայրենիքէն կտրուած, զրկուած եւ օտարացած իրերայաջորդ սերունդներուն կենդանացուցած գոյավիճակը, մէկ ու միակ սփիւռքը, «իմ պապերուս հայրենիքը» (Անի Աստուրեան, «Մետալին միւս երեսը», «Ասպարէզ», 14 նոյեմբեր 2019):

Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման պատճառներէն մէկը, ուրեմն, սփիւռքը որպէս ուրոյն երեւոյթ ընկալելու/ընդունելու դժուարութիւնն է: Այսպէս, վարչապետը սփիւռքի հետ հարցերու քննարկման անդրադառնալով` փետրուարեան իր ելոյթին մէջ հարց տուաւ. «… իսկ յստակ որո՞ւ հետ, որովհետեւ սփիւռքը շատ մեծ ծաւալներ ունի եւ շատ ընդգրկուն է: Կան հազարաւոր կազմակերպութիւններ, եւ եթէ ֆիզիքապէս անոնց մէկ մասին հետ կարելի է քննարկել, ապա միւս մասին հետ եւ բոլորին հետ կարելի չէ», աւելի առաջ դիտել տալով` «գիտէք, որ սփիւռքը բազմաշերտ է, շատ բարդ է, այնտեղ կան բազմաթիւ յարաբերութիւններ, հակասութիւններ»: Ըստ էութեան ճիշդ է վարչապետին ըսածը: Հարցը, սակայն, Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ այս «բազմաշերտութեան» ներկայացուցչութեան մը մասին մտածելու եւ յարաբերութեանց ճշդման հայեցակարգ ունենալու քաղաքական որոշումի մը բացակայութիւնն է: Հայաստանի իշխանութիւնները, առաւել թէ նուազ,  բացայայտօրէն նախընտրած են իրենց համար շահագրգռութիւն ներկայացնող անհատներու կամ կազմակերպութիւններու հետ պարագայական համագործակցութիւն հաստատել: Սփիւռքի նախարարութեան առկայութեան գոնէ համայնքային հաստատութիւններն ու անոնց ներկայացուցչական մարմինները սկսան կամաց-կամաց տեսանելի դառնալ Հայաստանի պետական այրերուն: Հարցը հոս պետութեան եւ սփիւռքէն գործատէր, մասնագէտ թէ ժողովրդային անձնաւորութիւններու հետ առանձին կապեր հաստատելու իրաւունքի եւ անհրաժեշտութեան ժխտումը չէ, այլ անհատներու հետ կապերու գերադասումը` համայնքային հաստատութիւններու հետ յարաբերութիւններու հայեցակարգէ մը, որ այնպէս ալ երբեք չառաջացաւ: Հետեւաբար, եթէ Փաշինեանի խոստացածին նման ստեղծուի սփիւռքի ներկայացուցչական հարթակ կամ յարաբերութիւններու հայեցակարգ, ապա եւ այդ մէկը իսկապէս յեղափոխական պիտի ըլլայ: Առայժմ վարչապետին խօսքերէն բացի` որոշակի ոչինչ կայ նման քաղաքական կամքի եւ անոր գործնականացման:

Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման որոշումէն անմիջապէս ետք վարչապետ Փաշինեան կատարեց իր առաջին պաշտօնական այցը Իրան: Անոր աւարտին ան հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն հայ համայնքին հետ Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային միութեան մէջ: Հանդիպումը, ինչպէս մամուլը արձանագրեց այն ատեն, անցած է շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, հազարաւոր իրանահայեր վարչապետը ողջունեցին մեծ ոգեւորութեամբ: Անոնց առջեւ ելոյթ ունենալով` Փաշինեան ամէն բանէ վեր դասեց ազգային միասնականութիւնը եւ ըսաւ. «Մեր միասնական խնդիրը հետեւեալն է. մենք այլեւս չունենք Հայաստանի օրակարգ եւ սփիւռքի օրակարգ, ունենք համազգային օրակարգ, որի նպատակը մեր համազգային նպատակների եւ երազանքների իրագործումն է»: Նոյն գաղափարը ան արտայայտեց Արցախի մէջ, 5 օգոստոսին, Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու առիթով Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած ժողովրդային հանրահաւաքի իր ելոյթին ընթացքին, երբ անդրադառնալով թաւշեայ յեղափոխութեան` ան ըսաւ. «Կը խօսուի, որ այս նոր իրողութիւնները իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը պէտք է ունենան սփիւռքի ու Արցախի կեանքին վրայ: Այսօր կը քննարկուի, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ըլլայ այդ ազդեցութիւնը»: Այդ ելոյթին վարչապետը նաեւ առաջ քաշած սփիւռքի եւ Հայաստանի անջատ օրակարգերը մէկտեղելու կոչուած «համահայկականութեան» միտքը, որուն դրսեւորումներէն մէկը պէտք է ըլլայ ուժերու մէկտեղումը ընդհանուր նպատակներու իրագործման համար, եւ այդ նպատակները պէտք է ըլլան միայն ու միայն Հայաստանի եւ Արցախի զարգացումը: Այս իմաստով, Փաշինեան ողջունելով համայն աշխարհի հայութիւնը` ոգեկոչած է այն կարգախօսը, «որով 1988-ին կը թնդար Վերածնունդի այս հրապարակը` միացո՛ւմ, միացո՛ւմ»:

«Միացում», «միասնական  օրակարգ», «հայկականութիւն»® բոլոր այս յղացքները, զորս վարչապետը իր ելոյթներուն ժամանակ գործածեց անցնող տարուան ընթացքին` բացատրելու/բանականացնելու/արդարացնելու համար սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը եւ փորձել համոզելու, որ անոր պիտի փոխարինէ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու որակն ու մակարդակը բարձրացնելու, ազգի երկու (երեք, եթէ աւելցնենք Արցախը, բայց այդ տարբեր նիւթ է) հատուածներու համարկման, այլեւ միացման նպատակը աւելի շօշափելի դարձնելու համար, յուզականօրէն խանդավառութիւն ստեղծող եւ բարոյախօսական իմաստով հարցականի տակ երբեք չդրուելու երաշխիքը ունեցող լոզունգներ են: Անոնց գործածութիւնը ընթացիկ է, պարտադիր եւ տոկմային, այնքան որ հազիւ թէ քիչ թէ շատ մտածող մը համարձակութիւնը ունենայ բարձրաձայն հարց տալու, որ գործնականօրէն ի՞նչ կը նշանակեն անոնք: Արդ, Հայաստան-սփիւռք երեսնամեայ յարաբերութիւններու եւ անցնող քսան տարիներուն այդ յարաբերութիւններուն ինչ-որ փրոթոգոլ, հայեցակարգ եւ մինչեւ իսկ հիմնարկանացում (institutionalization), տալու փորձառութեան հիման վրայ, երբ թաւշեայ յեղափոխութիւնը հանդէս կու գայ անգամ մը եւս ամէն ինչ գրեթէ զերոյէն սկսելու եւ աւելի լաւը խոստանալու նախաձեռնութեամբ, վերոյիշեալ երկար հիմնաւորումով բանաձեւուած հարցումը պիտի դնէ ի՛նք` սփիւռքը, ուր քաղաքական մտածողութիւնը տակաւին կը դժուարանայ գիտակցիլ/ընդունիլ, որ կան, մի՛շտ ալ եղած են, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու օրակարգ եւ սփիւռքի օրակարգ: Իրարու հակադիր եւ մէկը միւսին բացառող օրակարգեր չեն ասոնք, բայց իրարմէ անջատ են իրենց առաջնահերթութիւններու եւ ամէնօրեայ հարցերու դիմագրաւման իմաստով: Իսկ երբ կրկին ու կրկին ականջալուր ըլլանք քաղաքական «կորեկտութեան» մէկ այլ ենթադրութեան վրայ հիմնուած հրապարակային ելոյթներու, ուր ինքնապարտադիր են «փոխօգնութեան», «փոխլրացման» եւ նմանատիպ հիմնաւորումներ, թերեւս զգաստ ըլլանք, այնքան որ պահ մը դուրս գանք յոռեգոյն իմաստով քաղքենիացած համայնքային լճացումներու «հանգստեան գօտի»-էն (comfort zone) եւ հարց տանք, թէ ինչպէ՛ս Հայաստան-սփիւռք զիրար պիտի ամբողջացնեն, գործնականօրէն ի՛նչ կը նշանակէ փոխ-լրացում` քաջ գիտակցելով, որ «սատանան (միշտ) մանրամասնութեանց մէջ է»:

Սփիւռքի համար հայրենիքի հետ կապը յստակ եղած է միշտ: Ազգային գոյութիւնը երբեք չէ տարանջատուած հայրենիքի գաղափարէն, եւ ատով ալ սփիւռքը` որպէս քաղաքական հասկացողութիւն, տարբերած է պատմութեան ընթացքին իր հաւաքական ինքնութիւնը հիմնականօրէն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ընդմէջէն ճանչցող արտասահմանեան հայութենէն: Ցեղասպանութենէն եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, աւելի քան եօթանասուն տարի, սփիւռքի մէջ քաղաքական մտածողութիւնը միշտ ալ ազգային գոյապահպանումը պայմանաւորեց հայրենիքով, թէկուզ եւ այդ մտածողութիւնը արտայայտուէր խորհրդային կարգերու ընդունման թէ ընդդիմութեան բաժանման գծի երկայնքին, եւ այդ հիման վրայ զարգանային ներհամայնքային իշխանական պայքարը թէ համագործակցութեան ջանքերը: Ատով հանդերձ, Հայաստանասէր թէ խորհրդային կարգերու ընդդիմադիր սփիւռքեան հատուածները իրե՛նք կառուցած են համայնքային հաստատութիւնները, սահմանած` հայապահպանման հայեցակարգը եւ հայրենազուրկ ազգի մը վերապրումը վերաճած իւրայատուկ գոյավիճակի: Այս իմաստով, երկու տեսութիւն կայ, որոնցմով սփիւռքը բանականօրէն ընկալելի կը դառնայ որպէս հասարակական երեւոյթ: Անոնցմէ առաջինը, թերեւս` յատուկ սփիւռքի համար մտածուած, Խաչիկ Թէօլէօլեանի տեսական բանաձեւումն է` «պետականազուրկ ազգ»: Երկրորդը քաղաքագէտ Ճէյմս Սի. Սքաթթի (James C. Scott) 1998-ին լոյս ընծայած դասական գործի` Seeing Like a State. How Certain Schemes to Improve the Human Condition Have Failed (Yale University Press) խորագրի հետեւումով կրնանք բանաձեւել որպէս սփիւռքեան «պետականանման մտածում», ուր լուռ ենթադրուած էր պետականազրկութեան պայմաններու մէջ հայրենազուրկ ազգային հաւաքականութեան մը երկար վազքի վրայ գոյատեւման բացառումը: Ընդ որում, ներհամայնքային կեանքին մէջ գործող սփիւռքեան կազմակերպութիւնները հաստատութիւններու մէջ իշխանութեան համար մրցակցութիւնը թէ պայքարը կը զարգացնէին գրեթէ պետութեան մը յատուկ տրամաբանութեամբ, համայնքակիցներուն կը դիմէին ազգի ղեկավարի եւ պետական դէմքի դիրքէն, որ բնականաբար յատուկ էր 1918-1920 Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտած, ապա հայրենազուրկ դարձած սերունդին, որմէ ալ որպէս քաղաքական մշակոյթ` փոխանցուեցաւ անոնց յաջորդած սերունդներուն: Իրարու ակնյայտօրէն հակասող այս երկու տեսութիւններու` պետականազուրկ ազգ/պետականանման մտածողութիւն տրամաբանութիւնը հասկնալի կը դառնայ միայն սփիւռքի հիմնարար միթոսով եւ տիրապետող պատումով, որ խորհրդանշականօրէն պիտի սահմանենք` որպէս շահնուրեան նահանջ, ճերմակ ջարդ, ձուլում:

Այնքան հզօր էր այդ միթոսը, որ պատմութիւն կերտեց, իրերայաջորդ սերունդներ հայ դաստիարակեց, կենդանի պահեց հայապահպանումը: Միաժամանակ, սակայն, ան խոչընդոտ հանդիսացաւ անկախութենէն ետք սփիւռքի մէջ ամրագրելու քաղաքական մտածողութեան անցումային գործընթաց մը: Տիրապետող պատումը Հայաստանի անկախացումով բացայայտ կը դարձնէր տեսականօրէն բանաձեւուած սփիւռքի «աւարտը»` ի դէմս հայրենադարձութեան դէմ դրուած ամէն արգելքի վերացման: Բայց, թէկուզ եւ երբ ձախողութեան մատնուեցաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի քաղաքականութիւնը` օրէնքով խիստ սահմանափակելու հայկական քաղաքացիութեան իրաւունքը, ժխտելու հայ ժողովուրդի ուրոյն կացութիւնն ու ճակատագիրը եւ հայկականութիւնը սահմանելու լոկ որպէս օրէնսդրութիւն, Հայաստանի ընկերային եւ տնտեսական պայմաններուն մէջ հայրենադարձութիւնը չեղաւ զանգուածային, ճակատագրական, այլ` հիմնականօրէն ընտանեկան/ենթակայական որոշում, որուն դրդապատճառները միայն ազգային յանձնառութեան հետ կապ չունէին եւ շատ յստակ պարագաներու, հիմնականօրէն` միջինարեւելեան համայնքներ, արդիւնք էին տուեալ երկրի կենցաղային պայմաններու կտրուկ վատթարացման: Եւ քանի որ սփիւռքի անցումային գործընթացը` հիմնարար միթոսէն յետոյ գոյավիճակի բանականացման նոր պատումի մը ծնունդը, ատենին իր տեղը չգտաւ համայնքներու հաւաքական գիտակցութեան մէջ, քաղաքական մտածողութիւնը ուշացաւ յարացուցային անհրաժեշտ փոփոխութիւնը (paradigm change) կատարելու` անդրադառնալու համար բոլոր այն պատեհութիւններուն, զորս համաշխարհայնացումը ստեղծած է ոչ պետական դերակատարներու, որոշակիօրէն` քաղաքացիական հասարակութեան յօգուտ, դիմագրաւելու համար սփիւռքի օրակարգի հարցերու մարտահրաւէրը առանց «նահանջ»-ի, «ճերմակ ջարդ»-ի թէ «ձուլում»-ի ուրուականներու ահաբեկչական սպառնալիքին:

Փաստօրէն, զարգացած ժողովրդավարութիւններու մէջ քաղաքացիական հասարակութեան զօրաշարժի մարտավարութիւններն էին, որոնք իրականացուցին վերջին քսանամեակի արագընթաց նուաճումները Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդրով: Համացանցն է,  որ ի մէջ այլոց` ՀԲԸՄ-ի, Համազգայինի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Լոնտոնի Հայկական հիմնարկի թէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նման հաստատութիւններուն առիթ կու տայ նորարարաբար մտածել արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման, մշակութային գործունէութեան ծաւալման, հայեցի դաստիարակութեան արդիականացման, արխիւներու թուայնացման, սփիւռքի հետազօտութեան նման տեսլական ունեցող ծրագիրներ յղանալու: Իսկ Եւրոպայէն մինչեւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ, տեղւոյն համայնքներուն մէջ վերջին տասնամեակին նկատելի է հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութեան ճամբով միասնական ծրագիրներու համակարգումի թէ ներկայացուցչական մարմիններ ստեղծելու կազմակերպական նորաշխուժ գործընթաց մը:

Բայց, ահաւասիկ, եթէ մէկ կողմէ նկատելի է համայնքներու կազմակերպական արդիականացման ճիգ եւ համասփիւռքեան շահերու համապատասխանող ծրագիրներու բազմացում, քաղաքական մտածողութիւնը դեռեւս սփիւռքեան իրավիճակը կը դիտարկէ/պայմանաւորէ գերազանցաբար Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու պրիսմակով. փաստօրէն, համայնքներն ու համայնքային կազմակերպութիւնները շատ աւելի ինքնամփոփ դարձած են եւ իրենց օրակարգը կը սահմանեն` մտածելով բնականաբար նախ ներհամայնքային հրատապ հարցերու եւ ապա բացառաբար Հայաստանի հետ կապերու մասին, մինչ խորհրդային կարգերու ժամանակին կենսունակ տարբեր երկիրներու համայնքներու միջեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան եւ յարաբերութեան տինամիքը գրեթէ չէզոքացած է. խօսքի թէ գործի իմաստով իւրաքանչիւր համայնք ուղղահայեաց կապեր ունի հայրենիքի հետ, բայց նուազած են, մինչեւ իսկ` բացակայ, սփիւռքեան համայնքներու միջեւ հորիզոնական կապերը, որոնք հայաշխարհը պիտի վերածէին համաշխարհային աշխուժ ցանցի մը:

Սփիւռք-Հայաստան կապերը միշտ պիտի ըլլան ամէն համայնքի հաւաքական գիտակցութեան մէջ եւ գործնական ծրագիրներով: Բայց, հակառակ բոլոր հրապարակախօսութեանց, ճառերուն եւ լոզունգներուն, Հայաստան-սփիւռք օրակարգը կը կազմուի Երեւանի մէջ, պետական տրամաբանութեան հետեւութեամբ, եւ քանի որ տակաւին օրուան իշխանութիւնները գերազանցող ամրագրուած պետականութիւն չկայ, այդ օրակարգը իր կառոյցի թէ գործառութային բաժիններով ենթակայ պիտի ըլլայ փոփոխութեանց եւ մինչեւ իսկ` ցնցումներու: «Յեղափոխել» Հայաստան-սփիւռք կապերը` անիրապաշտ է, չըսելու համար` անկարելի, եւ մօտիկ անցեալին միայն անակնկալ իրադարձութիւններն են, որ յարաբերութիւններու ընթացքին մէջ բեկումներ յառաջացուցած են` ղարաբաղեան շարժում, երկրաշարժ, փրոթոգոլներ: Այլապէս, Հայաստան-սփիւռք կապերու զարգացումը համարկումի երկարաշունչ գործընթաց մըն է, որուն գիտակցելով միայն կարելի է Հայաստանէն սփիւռքեան քաղաքականութիւն մշակել: Հետեւաբար, որքան ալ որ բաղձալի ըլլայ իր ղեկավարներուն եւ հետեւորդներուն համար, թաւշեայ յեղափոխութիւնը բեկումնային իրադարձութիւն չեղաւ սփիւռքին համար: Աւելի՛ն. բարեբախտաբար ժողովրդային զօրաշարժի ղեկավարները եւ իմքայլական կառավարութեան պատասխանատուները սփիւռքը «թաւշացնելու» նախաձեռնութենէն զերծ մնացին, ի բացառեալ «ներսի-դուրս»-ի տէրպետրոսեանական տխրայուշ խառնակութեան մերթ ընդ մերթ կատարուող փորձերէն: Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը սփիւռքի մէջ լաւ չընկալուեցաւ, որովհետեւ անոր գոյութեան տասնամեակին յարաբերութիւններու հայեցակարգ մը դրուած էր, եւ` յստակ հարցերով յառաջընթաց արձանագրուած. քաղաքացիութեան օրէնքի փոփոխութիւն, Հայաստան փոխադրուած սուրիահայերու օժանդակութիւն, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելից եւ Համահայկական հռչակագիր: Բայց սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը համայնքներու ընթացիկ առօրեան չխանգարեց, հաստատութեանց առօրեային մէջ փոփոխութիւն չառաջացուց այն պարզ պատճառով, որ սփիւռքեան համայնքները ո՛չ նախարարութեան ստեղծման, ո՛չ անոր լուծարման, ո՛չ ալ նոր կառոյցի յառաջացման որոշումներուն մէջ իրենց ըսելիքը ունեցած էին: Բոլոր այդ որոշումները միակողմանիօրէն տրուած են Երեւանի մէջ, պետական շահի տրամաբանութեամբ:

Ճիշդ է` սփիւռք-Հայաստան կապերը միայն պետական օրակարգով չեն սահմանափակուիր: Կայ գործարար ոլորտը եւ, մանաւանդ, քաղաքացիական հասարակութիւնը, եւ քիչ չեն այն ներդրումային թէ նախաձեռնողական ծրագիրները, որոնք այս ոլորտներուն մէջ սփիւռքն ու հայրենաբնակ հայութիւնը իրարու մօտ կը բերեն: Բայց քանի որ այդ օրակարգերը յատուկ, ընդհանրապէս իրարմէ անջատ թեմաներով եւ գործառոյթներով կազմուած են եւ յաճախ կը փափաքին շրջանցել ամէն ձեւի քաղաքականացում, չեն կրնար դեռեւս թոյլ տալ ընդհանուր արժեւորում մը կամ զարգացման ուղղութեան ճշդում մը կատարել: Կը մնայ, որ երիտասարդներուն համար Հայաստան կամաւոր աշխատանքի ծրագիրները, օրինակի կարգով յիշելու համար, ամէնէն յուսալի նախաձեռնութիւններն են` իր տեսակին մէջ իւրայատուկ սփիւռք-հայրենիք համարկումի գործընթացի մը, որ մեծ կարողականութիւն ունի ե՛ւ նոր որակի 21-րդ դարու հայ սերունդի պատրաստութեան, ե՛ւ հայրենադարձութեան ուղի բանալու, ե՛ւ նոր խանդավառութիւն յառաջացնելու սփիւռքեան համայնքներէն ներս:

Բայց երբ սփիւռք-Հայաստան օրակարգէն կ՛անցնինք սփիւռքի օրակարգին, եւ եթէ պատահի, որ Հայաստանէն պետական մակարդակով հարց տրուի, թէ հայրենիքը ի՞նչ կրնայ ընել սփիւռքին օգնելու համար, կամ, ինչպէս վարչապետ Փաշինեան Ազգային ժողովի մէջ իր վերոնշեալ ելոյթով բանաձեւեց, խօսուի «Սփիւռքի նկատմամբ Հայաստանի հանրապետութեան պարտաւորութիւններուն եւ ծառայութիւններուն» մասին, վստահեցուի «Մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք անոնք պատշաճ մակարդակով ապահովելու համար», ապա եւ սփիւռքը քաջութիւնը պիտի ունենայ գայթակղեցուցիչ ըլլալու չափ ըսելու` ոչինչ, եւ միեւնոյն քաջութեամբ ոչինչ սպասելու հայրենիքէն, ինչ կը վերաբերի զուտ սփիւռքի օրակարգի բանաձեւման ու գործնականացման: Հայրենիքէն սփիւռք առաջարկուող օժանդակութեան այս մերժումը գայթակղիչ գտնողներուն պիտի օրինակ բերել 1992-ի Spike Lee-ի Malcolm X ժապաւէնի այն տեսարանը, ուր ափրօ-ամերիկացիներու իրաւունքներու պաշտպանը համալսարանի աստիճաններուն վրայ դէմ յանդիման կու գայ իրմով խանդավառ երիտասարդ, կապուտաչեայ, դեղնածամ ուսանողուհիի մը, որ իրեն հարց կու տայ, թէ ի՞նչ կրնայ ընել իր դատին օգնելու համար: Մալքոլմի ժպիտով պատասխանը կ՛ըլլայ` ոչինչ: Շարքային հանդիսատեսին համար այս պատասխանը ընդվզեցուցիչ, եթէ ոչ խտրական եւ մինչեւ իսկ ցեղապաշտական կրնայ թուիլ: Slavoj Žižek, սակայն, Մալքոլմի «ոչինչ»-ը կը հասկնայ/մեկնաբանէ տարբեր. հաւաքականութիւն մը նախ ինքնիրեն օգնել պիտի սորվի, ապա միայն ընդունի դուրսէն եկած, Ուրիշին կամ Միւսին, օժանդակութիւնը: Այսինքն,  եթէ սփիւռքը ինք չի կրնար տէր կանգնիլ իր օրակարգին, ապա եւ հայրենիքը ոչինչ կրնայ ընել իրեն օգնելու համար: Իսկ սփիւռքը որպէս պետականազուրկ ազգ իր օրակարգը կազմելու անոր տէր կանգնելու պատմական երկար փորձ ունի: Փորձ, որ ինքնին սփիւռքի կազմաւորման պատմութիւնն է:

Կայ երկրորդ պատճառ մը եւս` սփիւռքի օրակարգը Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու օրակարգէն տարանջատելու: Սփիւռքի նախարարութեան (Կրամշեան «հին աշխարհը») մահուան եւ սփիւռքեան հարցերով գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնին դեռեւս յայտնուելու ուշացման ներկայ «մթնշաղ»-ին կրնան «հրէշներ» մէջտեղ գալ, կամ ստեղծուի «հրէշային» կացութիւն մը, ինչպէս` Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերուն, երբ Երեւանէն բացայայտօրէն սփիւռքը, ի մասնաւորի հոն ամենատիրական կազմակերպութիւնները պառակտելու քաղաքականութիւն յառաջ տարուեցաւ: Այն ժամանակ տակաւին չկար «ներս»-ի եւ «դուրս»-ի Դաշնակցութիւն, կային սփիւռքի մէջ բացայայտօրէն ՀՀՇ-ական քաղաքականութեան կարգին լծուած կուսակցական թէ շարքային անհատներ, որոնք թերեւս համոզուած, բայց աւելի յաճախ անձնական հարցեր լուծելու եւ, միաժամանակ, առանձնաշնորհեալ դիրքեր, թէկուզ եւ Հայաստանի առաջին նախագահին կողմէ հրապարակային փաղաքշական խօսք մը, որ իրենց «ես»-ը շոյէր, դերակատար եղան սփիւռքի մէջ անկախ հայրենիքով խանդավառ պատմական աննախադէպ պահ մը բովանդակազրկելու: Հայրենի քաղաքական դասը յոյսով սորված է պատմական դասը` գրաւ չդնելու բնաւ սփիւռքը պառակտելու խաղերուն վրայ: Պարագան, պիտի հաւատանք, տարբեր չէ իմքայլական կառավարութեան, որքան ալ որ, օրինակի համար, «ներսի-դուրսի-Դաշնակցութիւն» փորձութեան չդիմացող անձնաւորութիւններ ըլլան հոն: Նման ապիկար փորձերէն աւելի մտահոգիչ է այս «մթնշաղ»-ի ծնունդ կարողական պարագայի մը վարչապետ Փաշինեանի ակնարկը Ազգային ժողովի իր ելոյթին մէջ: Անդրադառնալով սփիւռքի «բազմաշերտութեան»` Փաշինեան հարց տուաւ,  թէ պետութիւնը որո՞ւ հետ պիտի խօսի սփիւռքի մէջ: Ըստ էութեան, նկատողութիւնն ու հարցադրումը ճիշդ են: Բայց նաեւ մեկնակէտ/արդարացում են «ընտրելու» այն «խօսակիցները», որոնք շատ աւելի օրուան իշխանութեանց շահերուն կը համապատասխանեն, քան ինչ որ համայնքի մէջ ներկայացուցչական հանգամանք ունին: Անհատներու դերակատարութիւնը, կարողական ներդրող, բարերար թէ համաշխարհային մակարդակով հանրածանօթ ժողովրդական դէմք, ունի իր կարեւորութիւնը, միշտ ալ ունեցած է, եւ բնական է, որ որեւէ իշխանութիւն ինքզինքին իրաւունք վերապահէ անոնց առանձին տեղ տալու իր հանրային յարաբերութիւններուն մէջ կամ դիմէ անոնց որեւէ յստակ հանրային կամ ոչ հանրային առաջարկով: Խնդիրը, սակայն, անհատները սփիւռքեան հաւաքականութեանց ներկայացուցիչ նկատելու ապակողմնորոշիչ քայլն է. սփիւռքը համայնքային հաստատութիւններն են եւ վե՛րջ:

Հետեւաբար, երբ վարչապետը կ՛ակնարկէ հայրենիքի մէջ սփիւռքեան ներկայացուցչական որեւէ մարմինի յառաջացման` որպէս կառավարութեան առաջ դրուած հիմնախնդիր, ապա եւ միայն կարելի է ողջունել: Առ աւելի, եթէ այդ մէկը Ազգային ժողովի ոլորտի մէջ մտածուի, հոն, ուր սփիւռքեան ձայները լսելի կը դառնան բոլոր պատգամաւորներուն եւ ոչ միայն գործադիր իշխանութեան: Բայց ներկայացուցչական մարմինի յառաջացումը չի կրնար առանց սփիւռքի մասնակցութեան ըլլալ, այլապէս պիտի ըլլայ մարմին մը եւ ոչ թէ «ներկայացուցչութիւն», որքան ալ որ անհատներ կամ առանձին հաստատութիւններ ուզեն առիթը օգտագործել եւ յարմարիլ անոր: Իշխանութիւնները առ աւելի ուշադիր պիտի ըլլան համայնքային ներկայացուցչութիւններու ընտրութեան ուղղակի թէ անուղղակիօրէն միջամուխ ըլլալու ամէն փորձութենէ: Սփիւռքը, այլեւ` իւրաքանչիւր համայնք, ինք պիտի որոշէ իր ներկայացուցչութեան համաչափը:

Սփիւռքը նման ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարելու պատրա՞ստ է: Համայնքները գիտակի՞ց են, թէ ի՛նչ ալ ըլլայ Երեւանէն բանաձեւուած Հայաստան-սփիւռք օրակարգը, զուտ սփիւռքին է պատասխանատուութիւնը սփիւռքի օրակարգին վրայ քննելու իր հակազդեցութիւնն ու եղած առաջարկներուն մասնակցութեան չափն ու ձեւը: Համայնքները կազմակերպուա՞ծ են այնքան, որ հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը համադրող ներկայացուցչական մարմիններ ունենան, բանաձեւեն համայնքային առաջնահերթութիւնները եւ հորիզոնական կապեր ստեղծեն այլ համայնքներու հետ եւ իրենք իրենց տեղը ճշդեն հայաշխարհին մէջ, իրենց դերը որոշեն համահայկական գործառոյթներուն մէջ: Ահաւասիկ` այն հարցումները, որոնք սփիւռքը, համայնքները առանձին պիտի դնեն քննարկումի զուտ սփիւռքի օրակարգին վրայ:

Եւ թերեւս սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու այս «մթնշաղ»-ին սփիւռքը ի՛նք վառէ լոյսը` տեսնելու համար, որ «Հոս դեռ շա՜տ բան կայ ընելիք», ինչպէս իր վերոնշեալ յօդուածի աւարտին կը գրէ Անի Աստուրեան: Այն ժամանակ թերեւս նոյն այդ յօդուածի վերջին տողը` «Սփիւռքը հայրենիքի սկիզբն է», վերածուի 21-րդ դարու սփիւռքի ոչ թէ «առանց երգի նահանջ»-ի, այլ խոյանքի՛ նոր վէպին, ըլլայ սփիւռքի նոր պատումը:

(Շար. 3 եւ վերջ)